«Յակոբ Պարոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կեանքը: clean up, replaced: → (4) oգտվելով ԱՎԲ
Ուղղագրական սխալներու եւ ոճական ձեւերու սրբագրութիւն
Տող 5.
== Կեանքը ==
Յակոբ Պարոնեան ծնած է Էտիրնէ [[1843]]ին, աղքատ ծնողքէ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ 1857ին, մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։ Ապրուստ հոգալու համար դեղագործի մը քով կ'աշխատի երկու տարի։ Ապա կը պաշտօնավարէ ծխախոտի ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։ Ինքնաշխատութեամբ եւ անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։
1863ին կ'անցնի [[Պոլիս]] եւ կը դասաւանդէ [[Սկիւտար]]ի ճեմարանը, աշակերտ ունենալով [[Պետրոս Դուրեանը]]: 1871ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ'անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ 1874ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս՝որպէս «Թատրոն»: Իբր արտօնատէր՝արտօնատէր անկաշկանդկաշկանդումէ զերծ գտնուելով, Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով իր շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի 1877ին:
 
1863ին կ'անցնի [[Պոլիս]] եւ կը դասաւանդէ [[Սկիւտար]]ի ճեմարանը, աշակերտ ունենալով [[Պետրոս Դուրեանը]]: 1871ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ'անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ 1874ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս՝ «Թատրոն»: Իբր արտօնատէր՝ անկաշկանդ, Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով իր շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի 1877ին:
Պարոնեան կ'ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879ին: Կ'ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ:
1879ին կը սկսի աշխատակցիլ Մինաս Գափամաճեանի «Լոյս» թերթին, որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետագրգրութիւնհետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն Գափամաճեան նիւթապէս չի վարցատրերվարձատրեր զինք եւ հետեւաբար Պարոնեան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը կեցնելդադրեցնել:
 
1879ին կը սկսի աշխատակցիլ Մինաս Գափամաճեանի «Լոյս» թերթին, որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետագրգրութիւն կը ստեղծեն, սակայն Գափամաճեան նիւթապէս չի վարցատրեր զինք եւ հետեւաբար Պարոնեան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը կեցնել:
 
1884ին «Խիկար» ամսագիրը կը սկսի, եւ հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն, զայն կը հրատարակէ մինչեւ 1888ը։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։
1888էն 1890՝ ապրուստ ապահովելու համար Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ'ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ'աշակերտէ հահտնիյայտնի լեզուաբան [[Հրաչեայ Աճառեան]]ը: Կը տառապի հիւծախտէ եւ կը մահանայ [[1891]]ին, թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։
 
Իր ժամանակակից գրագէտ [[Մատթէոս Մամուրեան]] այսպէս կը գրէր իր մահուան առթիւ. «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ի՞նչպէս. գրեթէ անոք, անօգնական: Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը...: Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին, ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար... չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անդարամ պսակներն»:<ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա Հատոր: [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 102:</ref>
 
Պարոնեան ունեցաւ «ազգային յուղարկաւորութիւն» մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարքի եւդասակարգի, ինչպէս նաեւ կարքկարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ։ Դամբանականը կարդացած է [[Խորէն արք.Նարպէյ]] Արքեպիսկոպոսըը, որ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանգիներգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը կ'ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»:<ref>«Արեւելք» օրաթերթ, Պոլիս, 10 Յունիս 1891:</ref>
 
Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մորցուեցաւմոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ 1976ին, մտաւորական եւ գրող [[Վահրամ Մավեան]] կոչ մը ստորագրեց հայ մամուլին մէջ, դիտել տալով թէ՝ «...ինչպէս 85 տարի անցած է վրայէն եւ սերունդներ ամբողջ - թաղական, հոգեւորական, մտաւորական, թատերասէր - եկած ու անցած են առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու՝ անըմբռնելի է պարզապէս: Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ:» <ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա Հատոր: [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 112:</ref>
 
== Գրական գործունէութիւնը ==
Տող 24 ⟶ 20՝
 
== Գրական ոճը==
Պարոնեան ամէն բանէ առաջ իր ժամանակին ու միջավայրին մարդն է։<ref>Սիմոնեան, Գրիգոր. Հ.Բ.Ը.Մ. Արտաւազդ Թատերախումբի ''«Քաղաքավարութեան Վնասները» ներկայացման ծրագիր-գրքոյկ'', [[Փասատինա]] 2009, էջ 6-7:</ref> Պոլսահայ կեանքը՝կեանքը իր զանազան երեւոյթներով կ'արտացոլայ իր էջերէն։ Ան հաւասարապէս կը խարազանէ փառասէր աղաներն ու փոքրոգի թաղականները, խաբեբայ վաճառականներն ու կեղծաւոր կղերականները, վարձկան լրագրողներն ու մուրացկան բանաստեղծները, վերի խաւի եւրոպական բարքերը ընդօրինակելու մոլութիւնն ու վարի խաւի խաւարամտութիւնը։ Անոր գործը կը խնդացնէ, բայց խորքը շատ տխուր է։ Կը զուարճացնէ՝ առանց զուարճանալու։
Պարոնեանի գրականութիւնը կը ձգտի դաստիարակիչ ըլլալ եւ նպաստել ընկերութեան վատ բարքերը վերացնելու։ Իր հեգնանքին նպատակը խնդացնելն ու նուրբ արուեստ մը ստեղծել չէ։ Եւ որովհետեւ իր ընթերցողը պարզ ժողովուրդն էր՝ գրեթէ տգէտ եւ գեղարուեստէ շատ հեռու, իր ոճը եղաւ անկեղծ եւ իր լեզուն պարզ։ Գործածելով գրաբարէ մաքրուած սահուն արեւմտահայերէն, ան ստեղծեց իրապաշտ արձակ մը՝ բնական, անզարդ, առոյգ. լի աշխոյժ բեմականութեամբ։ Վարպետօրէն նկարագրեց իրաւ կերպարներ եւ իրավիճակներ, սեղմ տողերով եւ կենսունակ երկխոսութիւններով։