«Յակոբ Պարոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Ուղղագրական սխալներու եւ ոճական ձեւերու սրբագրութիւն
No edit summary
Տող 10.
1884ին «Խիկար» ամսագիրը կը սկսի, եւ հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն, զայն կը հրատարակէ մինչեւ 1888ը։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։
1888էն 1890՝ ապրուստ ապահովելու համար Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ'ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ'աշակերտէ յայտնի լեզուաբան [[Հրաչեայ Աճառեան]]ը: Կը տառապի հիւծախտէ եւ կը մահանայ [[1891]]ին, թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։
Իր ժամանակակից գրագէտ [[Մատթէոս Մամուրեան]] այսպէս կը գրէր իր մահուան առթիւ. «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ի՞նչպէս. գրեթէ անոք, անօգնական: Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը...: Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին, ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար... չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անդարամանթառամ պսակներն»:<ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա Հատոր: [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 102:</ref>
 
Պարոնեան ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւն մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ։ Դամբանականը կարդացած է [[Խորէն արք.Նարպէյ]]ը, որ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը կ'ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»:<ref>«Արեւելք» օրաթերթ, Պոլիս, 10 Յունիս 1891:</ref>