«Յակոբ Պարոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ RaffiNJ (քննարկում) մասնակցի խմբագրումները հետ են շրջվել Armen Ohanian մասնակցի վերջին տարբերակին։
Չ clean up, փոխարինվեց: եւ → և (29), : → ։ (5) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 4.
 
== Կեանքը ==
Յակոբ Պարոնեան ծնած է Էտիրնէ [[1843]]ին, աղքատ ծնողքէ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ 1857ին, մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։ Ապրուստ հոգալու համար դեղագործի մը քով կ'աշխատի երկու տարի։ Ապա կը պաշտօնավարէ ծխախոտի ընկերութեան մը մէջ իբրեւիբրև հաշուապահ։ Ինքնաշխատութեամբ եւև անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւև գրական հմտութիւն։
1863ին կ'անցնի [[Պոլիս]] եւև կը դասաւանդէ [[Սկիւտար]]ի ճեմարանը, աշակերտ ունենալով [[Պետրոս Դուրեանը]]:։ 1871ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ'անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ 1874ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս «Թատրոն»:։ Իբր արտօնատէր կաշկանդումէ զերծ գտնուելով, Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի 1877ին:
Պարոնեան կ'ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879ին: Կ'ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ:
1879ին կը սկսի աշխատակցիլ Մինաս Գափամաճեանի «Լոյս» թերթին, որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն Գափամաճեան նիւթապէս չի վարձատրեր զինք եւև հետեւաբարհետևաբար Պարոնեան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել:
1884ին «Խիկար» ամսագիրը կը սկսի, եւև հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն, զայն կը հրատարակէ մինչեւմինչև 1888ը։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւորկարևոր գործերը։
1888էն 1890՝ ապրուստ ապահովելու համար Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ'ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ'աշակերտէ յայտնի լեզուաբան [[Հրաչեայ Աճառեան]]ը:ը։ Կը տառապի հիւծախտէ եւև կը մահանայ [[1891]]ին, թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։
Իր ժամանակակից գրագէտ [[Մատթէոս Մամուրեան]] այսպէս կը գրէր իր մահուան առթիւ. «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ի՞նչպէս. գրեթէ անոք, անօգնական: Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը...: Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին, ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար... չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անթառամ պսակներն»:։<ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա Հատոր: [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 102:</ref>
 
Պարոնեան ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւն մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւնաև կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ։ Դամբանականը կարդացած է [[Խորէն արք.Նարպէյ]]ը, որ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը կ'ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»:։<ref>«Արեւելք» օրաթերթ, Պոլիս, 10 Յունիս 1891:</ref>
 
Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւև շուտով մոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ 1976ին, մտաւորական եւև գրող [[Վահրամ Մավեան]] կոչ մը ստորագրեց հայ մամուլին մէջ, դիտել տալով թէ՝ «...ինչպէս 85 տարի անցած է վրայէն եւ սերունդներ ամբողջ - թաղական, հոգեւորական, մտաւորական, թատերասէր - եկած ու անցած են առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու՝ անըմբռնելի է պարզապէս: Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ:» <ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա Հատոր: [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 112:</ref>
 
== Գրական գործունէութիւնը ==
Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեղծագործ մը։ Տասնեակ հազարէ աւելի էջեր արտադրեց կարճ ճամանակամիջոցի մը մէջ, յատկապէս 1871-1888 տարիներուն։ Իր բոլոր գրութիւնները մամուլի համար գրուեցան եւև լոյս տեսան լրագիրներու մէջ։ ԹէեւԹէև իր գործերէն ոմանք իր իսկ կողմէ հրատարակուեցան առանձին հատորով, Պարոնեանի երկերու մեծամասնութիւնը գիրքերու մէջ ամփոփուեցան միայն իր մահէն ետք։ իր գործերը կը կազմեն՝ ''«[[Մեծապատիւ Մուրացկանները]]»'' վէպը, ''«[[Քաղաքավարութեան Վնասները]]»'' պատմուածքներու շարքը, ''«[[Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ]]»'' եւև ''«[[Ազգային Ջոջեր]]»'' նկարագրական էջերը,«Մեղու», «Թատրոն» եւև «Խիկար» թերթերու մէջ ցրուած բազմաթիւ քրոնիկները, ինչպէս նաեւնաև ՝ ''«[[Ատամնաբոյժն Արեւելեան]]»'' եւև ''«[[Պաղտասար Աղբար]]»'' կատակերգութիւնները։
 
== Գրական ոճը==
Պարոնեան ամէն բանէ առաջ իր ժամանակին ու միջավայրին մարդն է։<ref>Սիմոնեան, Գրիգոր. Հ.Բ.Ը.Մ. Արտաւազդ Թատերախումբի ''«Քաղաքավարութեան Վնասները» ներկայացման ծրագիր-գրքոյկ'', [[Փասատինա]] 2009, էջ 6-7:</ref> Պոլսահայ կեանքը իր զանազան երեւոյթներովերևոյթներով կ'արտացոլայ իր էջերէն։ Ան հաւասարապէս կը խարազանէ փառասէր աղաներն ու փոքրոգի թաղականները, խաբեբայ վաճառականներն ու կեղծաւոր կղերականները, վարձկան լրագրողներն ու մուրացկան բանաստեղծները, վերի խաւի եւրոպականևրոպական բարքերը ընդօրինակելու մոլութիւնն ու վարի խաւի խաւարամտութիւնը։ Անոր գործը կը խնդացնէ, բայց խորքը շատ տխուր է։ Կը զուարճացնէ՝ առանց զուարճանալու։
Պարոնեանի գրականութիւնը կը ձգտի դաստիարակիչ ըլլալ եւև նպաստել ընկերութեան վատ բարքերը վերացնելու։ Իր հեգնանքին նպատակը խնդացնելն ու նուրբ արուեստ մը ստեղծել չէ։ Եւև որովհետեւորովհետև իր ընթերցողը պարզ ժողովուրդն էր՝ գրեթէ տգէտ եւև գեղարուեստէ շատ հեռու, իր ոճը եղաւ անկեղծ եւև իր լեզուն պարզ։ Գործածելով գրաբարէ մաքրուած սահուն արեւմտահայերէնարևմտահայերէն, ան ստեղծեց իրապաշտ արձակ մը՝ բնական, անզարդ, առոյգ. լի աշխոյժ բեմականութեամբ։ Վարպետօրէն նկարագրեց իրաւ կերպարներ եւև իրավիճակներ, սեղմ տողերով եւև կենսունակ երկխոսութիւններով։
 
== Ստեղծագործութիւնները ==