«Յակոբ Պարոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ն: → ն։ (10) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 7.
Յակոբ Պարոնեան ծնած է Էտիրնէ [[1843]]ին, աղքատ ծնողքէ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ [[1857]]-ին, մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։ Ապրուստ հոգալու համար դեղագործի մը քով կ'աշխատի երկու տարի։ Ապա կը պաշտօնավարէ ծխախոտի ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։ Ինքնաշխատութեամբ եւ անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։
 
[[1863]]-ին կ'անցնի Պոլիս եւ կը դասաւանդէ [[Սկիւտար]]ի ճեմարանը, աշակերտ ունենալով [[Պետրոս Դուրեանը]]։ [[1871]]-ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ'անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ [[1874]]-ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս «Թատրոն»։ Իբր արտօնատէր կաշկանդումէ զերծ գտնուելով, Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի [[1877]]-ին:ին։
 
Պարոնեան կ'ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879-ին:ին։ Կ'ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ:Աշոտ։
 
[[1879]]-ին կը սկսի աշխատակցիլ Մինաս Գափամաճեանի «Լոյս» թերթին, որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն Գափամաճեան նիւթապէս չի վարձատրեր զինք եւ հետեւաբար Պարոնեան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել:դադրեցնել։
 
[[1884]]-ին «Խիկար» ամսագիրը կը սկսի, եւ հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն, զայն կը հրատարակէ մինչեւ [[1888]]-ը։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։
[[1888]]-էն [[1890]]՝ ապրուստ ապահովելու համար [[Ղալաթիա|Ղալաթիոյ]] Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ'ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ'աշակերտէ յայտնի լեզուաբան [[Հրաչեայ Աճառեան]]ը։ Կը տառապի հիւծախտէ եւ կը մահանայ [[1891]]-ին, թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։
 
Իր ժամանակակից գրագէտ [[Մատթէոս Մամուրեան]] այսպէս կը գրէր իր մահուան առթիւ. «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ի՞նչպէս. գրեթէ անոք, անօգնական:անօգնական։ Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը...: Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին, ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար... չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անթառամ պսակներն»։<ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա. Հատոր:Հատոր։ [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 102:</ref>
 
Պարոնեան ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւն մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ։ Դամբանականը կարդացած է [[Խորէն արք. Նարպէյ]]ը, որ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր:էր։ Մարմինը կ'ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»։<ref>«Արեւելք» օրաթերթ, Պոլիս, [[10 Յունիս]] 1891:</ref>
 
Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ 1976-ին, մտաւորական եւ գրող [[Վահրամ Մավեան]] կոչ մը ստորագրեց հայ մամուլին մէջ, դիտել տալով թէ՝ «...ինչպէս 85 տարի անցած է վրայէն եւ սերունդներ ամբողջ - թաղական, հոգեւորական, մտաւորական, թատերասէր - եկած ու անցած են առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու՝ անըմբռնելի է պարզապէս:պարզապէս։ Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ:ալ։» <ref>Օրջանեան, Արամ (խմբ.). ''Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան '', Ա. Հատոր:Հատոր։ [[Լոս Անճելըս]], 1991, էջ 112:</ref>
 
== Գրական գործունէութիւնը ==