«Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = Գեղամ Սեւան(Բուն անունով՝ Գեղամ Սվաճեան) |...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

09:11, 10 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան(Ծնած է՝ 1982-ին)

Իր Կեանքը

Կենսագրութիւն

Ուսումը

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպեան վարժարանին, ապա միջնակարքի ուսումը միջնակարքի շարունակած է Լ. Նաճարեան-Գ. կիւլպէկնեան վարժարանէն ներս, որուն ընթացքը աւարտած է 1997-ին: Այնուհետեւ, մուտք գործած է աշխատանքի ասպարէզ եւ հօրը հետ զբաղած է վաճաոականութեամբ, մինչեւ 1999։ Սակայն ուսման սէրը զինք կը հեռացնէ վաճառականութենէն եւ կը մղէ ուսամնական կեանքի։ Ազատ դիմելու համար պաքալորիայի քննութեան, կը լծուի տքնաջան աշխատանքի հետեւելով գրական ճիւղին եւ բարձր նիշով կր յաջողի ձեռք պետական վկայականը 2000-ին։ Ուսումնառութեան զուգահեռ կը յաճախէ Ս. Գէորք կիրակնօրեայ վարժարան եւ իբրեւ դպիր կր ծաոայէ նոյն եկեղեցւոյ մկջ 1992-2001։ Տան մէջ, մեծ մօր եկեղեցասիրութիւնն ու աղօթասիրաթիւնը մեծապէս ազդած են անոր նկարագրի կերտումին եւ զինք առաջնորդած՝ դէպի Աստուած, եկեղեցի ու քրիստոնէական արժէքներ: Այս հոգեւոր մթնոլորտ տարիներու ըրթացքին Միհրանի մէջ կ՛արթնցնէ հոգեւորական ըլլալու բուռն փափաքը: Ս. Գէորք եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու շրջանակը Միհրանի մէջ կը տեսնեն հոգեւորականի արժանիքներն ու եկեղեցւոյ զօրաւոր կապուածութիւնը: Կ՛որոշեն Ս. Գէորք եկեղեցւոյ զօրաւոր կապուածութիւնը: կ՛որոշեն Ս. Գեւորգ եկեղեցւոյ համար քահանայութեան թեկնածու դարձնել զինք եւ իրենց փափաքը կը փոխանցեն Միհրանին։ Ան երբ սիրով կ՛ընդաոաջէ, կը դիմեն Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կրօնական Ժողովին, որոնք ընթացք կու տան դիմումնագիր նամակին։ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, 2001ին կ՛ընդունուի Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Աւարտելով Դ. Ժառանգաւորացի եւ Ա. եւ Բ. րնծայարանի դասընթացքները 2003ին, սարկաւագ կր ձեռնադրուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Տ.Եփրեմ Արք. Թապարեանի, 2003ին։ Երբ Հալէպ կը վերադաոնայ, Թեմիս Աոաջնորդ Սուրէն Ս. Արգ. Գաթարոյեանի տնօրինութեամբ կրօնի ուսուցիչ կը նշանակուի Ազգ. Զաւարեան վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ կարգերուն, 2003-2004 ուսումնական տարեշրջանին։ Այնուհետեւ, ան կ՛ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Լիպարեան ընտանիքի դուստրը՝ օրդ. Ռիթան, որուն հետ կր պսակուի 27 Դեկտեմբեր 2003ին, Ս. Գեւորգ եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն։ Հետագային կը բախտաւորուի երկու դուստրերով՝ Սարին եւ Ծիլա։ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արգ. Գաթարոյեանի տնօրինութեամբ, Միհրան սարկաւագի քահանայական ձեոնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՛ունենան Հալէպի Ս. Քաոասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի, 2 Մայիս 2004ին, վերակոչուելով Տ. Խորէն, օծակից ունենալով Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեանը: Իր քառասնօրեայ շրջանը կ՛անցընէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակի սենեակին մէջ եւ շրջանը աւարտելէ ետք, հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ս. Գեւորգ եկեղեցւոյ, փոխարինելով հանգստեան կոչուած Տ. Գարեգին Ա. Քհնյ. Քիրադեանը։ Նորընծայ քահանան իր հօտին հետ ծանօթանալէն ետք, կը հետաքրքրուի գիրով ու գիրքերով: Այդ պատճառով ալ 2006ին մաս կը կազմէ «Օշական» կիրակնօրեայ լրատուի խմբագրական յանձնախումբին։ 2006էն ի վեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հոգեւոր Լսարանին իր ծաոայութիւնը կը մատուցանէ Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանի գլխաւորութեամբ։ 2006-2007 ուսումնական տարեշրջանէն ի վեր կրօնագիտութիւն կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս։ Թղթակցութիւններով կ՚աշխատակցի Թեմիս «Գանձասար» շաբաթաթերթին եւ «Շաւիղ» պարբերաթերթին։ 2007ին կ՛ընտրուի կրօնական Ժողովի անդամ։ Նոյն տարին կը մասնակցի նախակրթարանի Ա. կարգի Կրօնի դասագիրրի պատրաստութեան աշխատանքին։ Ունի արաբերէն մշակուած լեզու եւ կ՚ընթերցէ ոչ միայն Հայերէն, այլեւ արարերէն կրօնական բովանդակութեամբ գիրքեր։ Բնաւորութեամբ հաղորդական է եւ հեզ։