«Պօղոս Մելիքշահեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 37.
Ֆիզիքա [[1839]]-ին Պոլիս վերադարձաւ․ սակայն շատ ցաւեցաւ եւ անմխիթար հիւանդացաւ երբ տեսաւ իր հեղինակութիւններուն վիճացումը։ Կրօնական Ժողովոյ տնօրէնութեամբը ժառանգաւորաց դասատու կարգուեցաւ Վէզիր Խան Ս․ Կարապետի սենեակը, բոլոր քահանայացուներ եւ ազգայիններ հոն կուգային ուսմունք սովորելու համար, ուր լսարան մըն ալ հաստատեղ․ ինքը կը ճառէր կրօի եւ գիտութեան վրայ եւ ամէն հարցումներու կը պատասխանէր։
 
Ազգային Պատրիարքարանի նօրինութեամբ [[1848]]ին գնաց [[Մուշ (արեւմտահայերէն)|Մուշ]], ուր քաղաքական խռովութիւնը մը ծագած ըլլալով, հանդարտեցուց եւ Մշոյ վանքը մնալով միաբաններուն ուսմունք սովրեցեւցսովորեցեւց եւ երեք տարի մնալէն ետք [[1851]]-ին Պոլիս վերադարձաւ Ալի փաշա Խանը սենեակ մը վարձելով դասախօսոութիւններու սկսաւ։
 
Ֆիզիքիա իր ժամանակին ամէնէն գիտուն եւ ողջամիտ անձը եղաւ որ փոխանակ ծթռած գաղափարներու հետեւելու՝ փափագեցաւ որ գիտութիւնը կրօնի հետ զուգընթաց տարածուի Ազգին մէջ, իր բնական գիտութեանց հմտութենէն է որ Ֆիզիգա պատուանունը տրուած է իրեն, ունի անտիպ գիրքեր եւ Տրամաբանութիւնը որ երկու անգամ տպուած է իր մահէն ետք։