«Ալեքսանտր Պօղոսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ լեզվի կաղապար
Տող 30.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ալեքսանտր Պօղոսեան ծնած է 1937 թուականին Ատիս-Ապեպայի մէջ։ Անոր հայրը մեծահարուստ հայ էր, իսկ մայրը` ազնուական եթովպուհի։ Ան մանուկ հասակէն կը հետաքրքրուի [[Ափրիկէ|ափրիկեան]] սրբապատկերներով, կենցաղի իրերով ու տեղացիներու արտասովոր տարազներով, որոնց մեծ տեղ յատկացուցած է իր նկարներուն մէջ։ Լեհ եթովպագէտ Ստանիսլաւ Խոյնացքիի խորհուրդով Պօղոսեան կը նուիրուի նկարչութեան։
 
[[1954]] թուականին նկարիչը՝ [[Հայլէ Սածասիէ]] կայսրի պատուոյն կազմակերպուած պատանի տաղանդներու մրցոյթին, կ՛արժանանայ երկրորդ մրցանակի, իսկ արդէն [[1955]] թուականին՝ կառավարութեան օժանդակութեամբ, ան կը մեկնի [[Անգլիա]], ուր կ՛ուսանի երեք տարբեր արուեստի դպրոցներու մէջ, սակայն յետագային կը մեկնի [[Ֆրանսա]]։ [[1957]]-[[1966]] թուականներուն Փարիզի մէջ ան կ՛ուսանի՝ Գեղեցիկ արուեստներու բարձրագոյն դպրոցին եւ Շումեր ակադեմիային մէջ։ Այստեղ կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ եւ կ՛ամուսնանայ։
 
Ֆրանսայի մէջ Պօղոսեան կը հրապուրուի Փոլ Քլէի, [[Ժորժ Պրաք]]ի ու [[Մաքս Էռնստ]]ի արուեստով։ Դեռեւս 60-ականներուն ան կը ցանկար միաձուլած ափրիկեան սրբապատկերային արուեստը, ժամանակակից եւրոպական կերպարուեստի ձեռքբերումներուն։ [[1964]] թուականին «Լամբեր» պատկերասրահէն ներս կը կազմակերպուի անոր անհատական ցուցահանդէսը։ [[1966]] թուականին ան կնոջ ու դստեր հետ կը վերադառնայ Ատիս-Ապեպա, ուր 3 տարի կը դասաւանդէ տեղի արուեստի դպրոցէն ներս։ [[1967]] թուականին Սքունտեր Պօղոսեան՝ Գեղեցիկ արուեստներու բնագաւառէն ներս, ակնառու յաջողութիւններ գրանցելու կապակցութեամբ կ՛արժանանայ Կայսրի մրցանակին։ [[1969]]-[[2000]] թուական Պօղոսեան կերպարուեստ կը դասաւանդէ [[ԱՄՆ]]-ի՝ [[Աթլանթա]]յի եւ [[Հարուըրտի համալսարան]]ներէն ներս։ 2000 թուականին Պօղոսեան կը վերադառնայ իր ստեղծագործական կեանքին։
 
Պօղոսեան մահացած է [[2003]] թուականին Նիւ Եորքի մէջ։
Տող 41.
{{ծանցանկ}}
{{commons|Category:Alexander Boghossian}}
 
{{DEFAULTSORT:Պօղոսեան, Ալեքսանտր}}
[[Կատեգորիա:Հայերը Եթովպիոյ մէջ]]
[[Կատեգորիա:Հայ նկարիչներ (արւմտ․)]]