«Եդուարդ Պօյաճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Թ
(Տարբերութիւն չկայ)

08:42, 16 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Ծնած է Մուսալեռ,Խտըրպէկ գիւղը: Ինք նորածին երեխայ՝ ընտանիքը կը բարձրանայ գոյամարտի լեռը, ապա կը փրկուի եւ կը տարուի Եգիպտոս: Զինադադարին կը վերադարնան Մուսալեռ, ուր կը սկսի ուսումի գիւղական նախակրթարաններու մէջ: Երկրորդական ուսումի համար: կերթայ Պէյրութ՝ աշակերտելու Համազգայինի Ճեմարանին: Գրած է կանուխէն. աւելի կամ նուազ սերտ աշխատակցութիւնը բերած է «Հայրենիք»ի, «Յառաջ»ի, «Ազդակ»ի գրական «Շաբաթօրեակ» յաւելուածին, «Նայիրի»ի, «Ակօս»ի, «Ազդարար»ի, Բազինի (մաս կազմած է այս վերջինի հիմնադիր եւ խմբագրական կազմերուն՝ 1962էն): 1944էն սկսեալ, յաջորդական հատորներով հրատարակած է իր գործերը բանաստեղծութիւն թէ արձակ (պատմուածքներ, փորձագրական էջեր...): Զանոնք արտադրած է ուսուցչական սպառիչ գործունէութեան իր մահը (Պէյրութ):

Գործերէն՝

«Սէր եւ վիշտ» (քերթուածներ, 1944). «Հողը» (1948). «Թուղթ Զաւակներուս»(1961). «Տոմար Տրագրի» (1963). «Դէմքեր» (1967):