«Ջղային Անախորժակութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 10.
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը [[Տնտեսութիւն|տնտեսական]] լաւ վիճակ ունեցողներ են: Անոնք կ'ըլլան շատ բծախնդիր, ուշիմ եւ լաւագոյնին, կատարեալին ու մեծ յաջաղութեան ձգտողներ: Անոնք շարունակ կերակուրի մասին կը մտածեն եւ կը խօսին, կը սերտեն կերակուրներու տեսակները եւ սննդեղէններու [[Ջերմուժ|ջերմոյժ]]<nowiki/>ի քանակը, շուկայի պատրաստ կերակուրներու տուփերուն վրայ գրուած գրութիւնները շարունակ կը կարդան, կերակուրի պատրաստութեան թերթիկները կը պահեն, կերակուր պատրաստելու դասընթացքներու կը հետեւին, սննդականոնի գիրքեր կը կարդան, ճաշացուցակներ կ'ուսումնասիրեն, դժուար եւ բարդ կերակուրներ կը պատրաստեն ուրիշներու համար, յաճախ կը ստեն իրենց կերածին մասին, իրենց կերակուրը գաղտնի տեղ մը կը պահեն կամ կը թափեն, որպէսզի չուտեն: Անոնք շատ քիչ կ'ուտեն, կը հետեւին զօրաւոր սննդականոնի, կը սպառեն քիչ [[Շաքար (արեւմտահայերէն)|շաքար]] պարունակող սննդեղէններ, հանրութեան դիմաց չեն ուտեր եւ կը փորձեն փախուստ տալ, կը մերժեն հրամցուած կերակուրը, շատ կը ծամեն եւ ծամելէ ետք կուլ չեն տար: Որքան նիհարնան, այդքան աւելի նիհարնալ կ'ուզեն:
 
Ջղային անախորժակութենէ տառապող անձը կ'ունենայ փքուածութիւն, փորի անորոշ ցաւ, փորի [[Պնդութիւն|պնդութիւն]], սեռային կեանքի նկատմամբ անտարբերութիւն, ընկճուածութիւն, թեթեւ մարմնական ջերմ, դաշտանի խանգարում, եւ անդաշտանութիւն (amenorrhea), ջրանուազում (dehydration), [[Սիրտ (արեւմտահայերէն)|սիրտ]]<nowiki/>ի զարկի դանդաղանք եւ անկանոն տրոփում, [[Զարկերակներ (արեւմտահայերէն)|զարկերակ]]<nowiki/>ային ճնշումի նուազում, սիրտի աշխատանքի դանդաղում եւ երբեմն սրտականգ (cardiac arrest):
 
Այս անձերը կը հետեւին ծանր եւ երկարատեւ մարզանքի եւ կ'ըլլան շատ շարժուն: Անոնք չեն ընդունիր, որ հարց մը ունին, չեն ուզեր բժիշկ տեսնել եւ կը մերժեն դարմանումի բոլոր ձեւերը:
Տող 24.
#Միզամղիչ դեղերու (diuretics) եւ լուծողական դեղերու գործածութեամբ, ինչպէս նաեւ ինքնափսխունք յառաջացնելով:
 
Երկարատեւ ջղային անախորժակութեան պատճառով ենթական կ'ունենայ նորաստեղծ ընկճուածութիւն, մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, մտածելու դանդաղանք, մոռացկոտութիւն, տկար [[յիշողութիւն]], չոր եւ դեղնորակ մորթ, դիւրաբեկ [[Եղունգներ (արեւմտահայերէն)|եղունգներ]], փորի [[Պնդութիւն|պնդութիւն]], փքուածութիւն, ակռաներու փտում, սակաւարիւնութիւն, սիրտի անկանոն զարկ, տկարութիւն, դաշտանի խանգարում եւ դադար, տղոց մօտ թեսթոսթերոնի (testosterone) նուազում, [[Արիւն|արեան]] ճնշումի նուազում, գլխապտոյտ, նուաղում, գլխու ցաւ, աղուամազերու աճ ամբողջ մարմինին վրայ, անքնութիւն, ջրանուազում, ոսկրափխրում, պաղի անհանդուրժողականութիւն, ոտքերու եւ ձեռքերու ուռեցք, ջղագրգռութիւն եւ անձնասպանութեան [[մտածողութիւն]]:
 
10 տոկոսը ջղային անախորժակութիւնէ տառապող հիւանդներուն, որոնք դարմանումի չեն ենթարկուիր կ'ունենայ վատ հետեւանքներ, մինչեւ իսկ մահ: