«Ռաֆայէլ Իշխանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 5.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է յեղափոխականներ Աւետիս Մելքոնի Կիրակոսեանի (գնդակահարուած է [[1937 թուական|1937]]-ին) եւ Հայկանուշ Արսէնի Իշխանեանի (1900-1933) ընտանիքին մէջ։ 1939-ին աւարտած է Կրուպսկայայի անուան (այժմ՝ [[Նիկոլ Աղբալեան]]) դպրոցը եւ ընդունուած Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետը։ 1940-ին կը զօրակոչուի բանակ ու կը մասնակցի Բ. Աշխարհամարտին։ Կը վիրաւորուի եւ գերի կ՚իյնայ, իսկ գերութենէն ազատելէ ետք կրկին կը մասնակցի ռազմական գործողութիւններու։ Համալսարանը կ՚աւարտէ 1949-ին, իսկ Մոսկուայի գրադարանային հիմնարկը՝ 1954-ին։ 1962-ին թեկնածուական ատենախօսութիւն կը պաշտպանէ՝ «Ակսել Բակունց» նիւթով, իսկ 1973-ին դոկտորական ատենախօսութիւն՝ «Հայ նոր գրականութեան լեզուի պատմութիւն»։ 1955-1963-ին աշխատած է Հանրային (այժմ՝ Ազգային) գրադարանին մէջ իբրեւ աւագ գրադարանավար, ենթաբաժնի վարիչ, ապա՝ բաժնի վարիչ, Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ գիտական գրադարանի տնօրէն։ Դասաւանդած է Հայաստանի հեռակահեռակայ մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1963-1992-ին աշխատած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի հայոց լեզուի եւ հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոններուն, դասաւանդելով ժամանակակից հայոց լեզու, բարբառագիտութիւն, հայ գրականութեան լեզուի պատմութիւն։ Լայնօրէն ծանօթ եղած է իբրեւ հայոց լեզուի ու դասական ուղղագրութեան պաշտպան։ 1991-էն մինչեւ մահը (1995) Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն եւ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։
 
== Հրատարակուած գիրքերը ==