«Ս. Սերովբէ Եէտիքարտաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եէտիքարտաշեան Ս. Սերովբէ''', բուսաբան, ծնած է Կեսարիա ու մահացած է 1922 Յունուար|Յունուար...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:06, 27 Դեկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եէտիքարտաշեան Ս. Սերովբէ, բուսաբան, ծնած է Կեսարիա ու մահացած է 1922 Յունուարի սկիզբը: Իր նախնական ուսումը Կեսարիա առնելէ ետք Ամերիկա կ’երթայ մօտաւորապէս 1908ին «ան ձայնամշակութեան ուսուցիչ էր (կը գրէ «Փէսէտէնա Սթարնիւս» մեծ օրաթերթը 6 Յունուար 1922 թիւին մէջ), սակայն զինքը կը շահագրգռէին մասնաւորապէս ծաղկեմշակութիւնը, բուսաբանութիւնը եւ անտառային տնկարկութիւնը:

«Նախ պաշտօնի կոչուեցաւ անտառաբուծութեան եւ փորձառական ծաղկեմշակութեան գործին: Յետոյ եղաւ կառավարական ընդհանուր քննիչ Արեւմտեան Ապառաժ լեռներու տնկարկութեանց կայաններուն, որոնք իր հսկողութեան տակն էին:

«Պ. Եէտիքարտաշեան յաճախակի աշխատակցած է կառավարական տեղեկագիրներուն՝ ծաղկեմշակութեան եւ բուսաբանութեան նիւթերու վրայ, եւ գրած ամսաթերթերու, օրաթերթերու եւ շաբաթաթերթերու մէջ: Իր անտիպ ձեռագիրներուն մէջ կան փորձեր եւ յօդուածներ՝ որոնք կը վերաբերին փիլիսոփայական, կրօնական, տնտեսական, քաղաքական եւ ազգականագրական հարցերու: Զանազան լեզուներով գրող պ. Եէտիքարտաշեան համարուած է իբր գլխաւոր, առաջնորդող հեղինակութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Եւրոպա եւ Մեքսիկա ղրկուեցաւ՝ հաւաքելու տեղեկութիւններ կառավարութեան հաշւոյն: Ղրկուեցաւ նաեւ Փիլիպեաննգրուն՝ հիմը դնելու համար հոն՝ կառավարական տնկարկութեան եւ ծաղկեմշակութեան փորձարկութեան կայանի մը, եւ մէկէ աւելի անգամներ խնդրուեցաւ իրմէ պաշտօն մը ստանձնել Ուաշինկթընի դիւանին մէջ:

«Ծաղկեմշակութեան ուսանողներ ղրկուեցան իրեն Եէյլ համալսարանէն, ինչպէս դպրոցական կարգերով ուսանողներ գացած են Քալիֆորնիա եւ Սթենֆորտ համալսարաններէն իր հրահանգները ստանալու, մասնաւորապէս գործնական ծառամշակութեան, բուսաբանութեան եւ ծաղկեմշակութեան շուրջ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 661: