«Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Սաթենիկ ծնած է [[Ալեքսանդրապոլ (արեւմտահայերէն)|Ալեքսանդրապոլ]]<ref>[http://www.ayo2006.com/?p=2548 ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՀԻՆ ՍԱԹԵՆԻԿ ՄԱՏԻՆԵԱՆ ԱՐՂՈՒԹԵԱՆ (ԾԱՂԻԿ)]</ref> եւ ընտանիքով փոքր տարիքէն կը փոխադրուի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]։ Ինը տարեկանին կը սկսուի Թիֆլիսի առաջին Օրիորդաց Գիմնազիան, սակայն հիւանդութեան պատճառով Զ. դասարանին կը ստիպուի դպրոցը ձգել։ Հետագային այն կը ստանայ մանկավարժութեան վկայականը։ Մատինեաններու ընտանիքը ըստ [[Մալխաս (արեւմտահայերէն)|Մալխասի]]՝ Թիֆլիսի երիտասարդութեան հաւաքավայրն էր եւ կը կոչուէր «Դաշնակցութեան Պապոնց Տուն»ը։
 
Սաթենիկ եւ իր քոյրը [[Նատալիա Մատինեան|Նատալիան]], փոքր տարիքէն կը հետեւին իրենց տան մէջ տեղի ունեցող զրոյցներուն եւ կը սկսին հետզհետէ հետաքրքրուիլ ազգային հարցերով։ Երբ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութիւնը]] կը հիմնուի, ան շարքերը կը մտնէ։ Դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, կը որոշէ ձգել Թիֆլիս եւ ուսուցչութիւն ընել [[Թաւրիզ|Թաւրիզի]]ի Լիլիաւայի դպրոցը ([[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]])։ Հոն կը շարունակէ որ յեղափոխական գործերը եւ կը սկսի աշխատիլ յեղափոխական ծածկանունով, Ծաղիկ։
 
Թաւրիզի մէջ իրեն յանձնուած էր կազմակերպել կիները իբր պարտականութիւն։ Սաթենիկ կը սկսի մտնել հայ ընտանիքներուն տունները եւ կապեր հաստատել։ Կիներու ընթարձակ ցուցակ մը կը կազմէ եւ իրենց առաջին ժողովին կը հրաւիրէ, ուր բոլոր կիները իրենց պատրաստակամութիւնե կը յայտնեն աշխատելու։ Իր ճիգերով, կը վերակազմուի «[[Թաւրիզի Հայուհեաց Բարեգործական Ընկերութիւն]]»-ը եւ [[Հռիփսիմէ Փուղինեան|Հռիփսիմէ Փուղինեանի]]ի հետ կը բացուի միջնակարգ ու մանկապարտէզ մը Թաւրիզի մէջ։
 
[[Նիկոլ Դուման (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Դումանի]] եւ [[Իշխան Յովսէփ Արղութեան|Իշխան Յովսէփ Արղութեանի]]ի հետ կ՚անցնի պատմական [[Դերիկի Վանք |Դերիկի Վանքը]]ը ուր մեծ թիւով հայդուկներ կը մնային։ Երբ Քիւրտերը կը յարձակին վանքին վրայ, Սաթենիկ առաջին անգամ ըլլալով ականատէս կ՚ըլլայ եւ իր օժանդակութիւնը կը բերէ կռիւին փամփուշտներ բաժնելով։
 
Սաթենիկ կը փորձէ Երկիր անցնիլ, իբր ուսուցչուհի, սակայն անյաջող կ՚ուղղուի դէպի [[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]], իսկ ետքը [[1895]]-ին Արեւելեան Բիւրոյի խորհուրդով կ՚երթայ [[Սալմաստ (արեւմտահայերէն)|Սալմաստ]] Նիկոլ Դումանին տեղ ուսուցչութիւն ընելու համար։
 
[[Խանասորի Արշաւանք|Խանասորի Արշաւանքէն]]էն ետք, Իշխան Արղութեան կը ձերբակալուի Սալմաստի մէջ Պարսկաստանի Կառավարութեան կողմէ եւ կը յանձնուի ռուսական հիւպատոսարանին եւ կ՚աքսորուի [[Վոլոդգայ]]։ Սաթենիք կը հետեւի Իշխանին եւ աքսորավայրին մէջ կ՚ամուսնանան<ref name="ռռռ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/328533 | title=Սաթենիկ Արղութեան (Մատինեան, 1874-1930). Հայկական Յեղափոխութեան Ոգեշնչող «Ծաղիկ»-ը}}</ref>։
 
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, Իշխան 4-5 միացեալ գունդերու հրամանատար կը նշանակուի եւ Սաթենիք իր օգնութիւնը կը բերէ նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Երբ Հայաստան կ՚անկախանայ, Իշխան կը նշանակուի Պարսկաստանի դեսպան եւ անկումէն ետք կը հաստատուին [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, Սաթենիկ կը մահանայ [[12 Դեկտեմբեր]], [[1930]]-ին։