«Սայաթ Նովա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Կը խմբագրեմ|Ալիսիա}} {{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Սայաթ-Նովա}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազ...»:
 
No edit summary
Տող 43.
 
1759 թուականի կէսերուն աւարտուեր է Սայեաթ-Նովայի՝ իբրեւ բանաստեղծի ու երգահան-երաժիշտի կեանքը։ 1759 թուականին Հերակլ II-ի հարկադրանքով ան քահանայ ձեռնադրուեր է Տէր Ստեփանոս անունով եւ շատ չանցած ղրկուեր է Կասպից ծովի հարաւային ափին գտնուող Էնզելի նաւահանգիստը։ Հոս երգիչն «ապաշխարեր» եւ արտագրեր է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը։ Ստոյգ յայտնի չէ, թէ երբ վերադարձեր է հայրենիք։ 1766 թուականին ապրեր է Զաքաթալայէն Շամախի տանող առեւտրական ճանապարհի վրայ ինկած Կախի փոքրիկ աւանի մէջ, ուր արտագրեր է մէկ ուրիշ ձեռագիր՝ Աստուածաշունչի հատուածներէ բաղկացած ժողովածոյ մը։ 1768 թուականին մահացեր է կինը՝ Մարմարը, թողլով չորս անչափահաս զաւակ։ Յաջորդ տարուընէ Սայեաթ-Նովա-Տէր Ստեփանոս փոխադրուեր է վանք, ծառայեր է Թիֆլիսի մէջ հաստատուած Հաղպատի միաբանութեան առաջնորդարանի մէջ, իսկ 1778 թուականէն, երբ վերաշինուեր է Հաղպատի վանքը, կարգուեր է Սուրբ Նշան վանքի լուսարար։ Հետագային միաբանութեան հետ նորէն վերադարձեր է Թիֆլիս։ 1795 թուականի Սեպտեմբերին, Աղա-Մահմետ Խան Ղազարի արշաւանքի օրերուն, զոհուեր է եւ թաղուած է Սուրբ Գեւորգ եկեղեցւոյ բակը։
 
== Ստեղծագործութիւններ ==
Սայեաթ-Նովայի ուսումնասիրութեան գործերուն մէջ մեծ դեր խաղցած է [[Անդրկովկաս|Անդրկովկասի]] հայ աշուղներու եւ ուշ միջնադարի հայ [[տաղերգ]]ուներու ստեղծագործութիւնները։ Աւանդական սովորութիւնով՝ ստեղծագործական առաջին քայլերը ան սկսած է [[Թրքերէն]] լեզուով, ետքը աստիճանաբար անցած է [[Հայերէն|Հայերէնի]] ու [[Վրացերէն]]ի։ Գիտակցելով աշուղ-բանաստեղծի բուն դերը ու կոչումը եւ հասկնալով որ գեղեցիկի ու կատարելութեան էտեալներն ու դաշնութեան պատգամները՝ Սայեաթ-Նովան վերարծարծած ու քարոզած է ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, առանց ազգային ու դասային խտրութեան ու զանազանութեամբ։