«Սայաթ Նովա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 45.
 
== Ստեղծագործութիւններ ==
[[Պատկեր:St. Kevork Armenian Apostolic Church, Tbilisi - Entrance.JPG|մինի|Սայեաթ-Նովայի գերեզմանը։]]
Սայեաթ-Նովայի ուսումնասիրութեան գործերուն մէջ մեծ դեր խաղցած է [[Անդրկովկաս|Անդրկովկասի]] հայ աշուղներու եւ ուշ միջնադարի հայ [[տաղերգ]]ուներու ստեղծագործութիւնները։ Աւանդական սովորութիւնով՝ ստեղծագործական առաջին քայլերը ան սկսած է [[Թրքերէն]] լեզուով, ետքը աստիճանաբար անցած է [[Հայերէն|Հայերէնի]] ու [[Վրացերէն]]ի։ Գիտակցելով աշուղ-բանաստեղծի բուն դերը ու կոչումը եւ հասկնալով որ գեղեցիկիգեղեցիկին ու կատարելութեան էտեալներն ու դաշնութեան պատգամները՝ Սայեաթ-Նովան վերարծարծած ու քարոզած է ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, առանց ազգային ու դասային խտրութեան ու զանազանութեամբ։
 
== Քանակ ==
Մեզի հասած է Սայեաթ-Նովայէն աւելի քան 230 խաղ, որոնք ամփոփուած են քանի մը բաժիններու՝ իր սեփական ձեռքով գրուած, իդ զաւակին՝ Օհանի կազմած ու արտագրած խաղերը եւ միւս բաժինը ամփոփուած է զանազան ժողովածուներէ կամ մնացած է ժողովուրդին յիշողութեան մէջ եւ աստիճանաբար գրի առնուած ու հրատարակուած է։
 
== Սիրային երգեր ==
[[Պատկեր:Սայաթ-Նովա, Գյումրի.jpg|մինի|left|[[Սայեաթ-Նովայի յուշարձան (Կիւմրի)|Սայեաթ-Նովայի յուշարձանը Կիւմրիիին մէջ]], քանդակագործ՝ [[Արտուշ Պապոյեան]]:]]
Իբրեւ սիրային երգեր գրող՝ Սայեաթ-Նովան գեղեցիկի ու կատարեալի երկրպագու է եւ նուրբ զգացումներու արտայայտիչ: Անոր սիրային երգերը յատուկ են, եւ նաեւ ունին խոր զգացումներ, որոնց պատճառը ոչ միայն բանաստեղծին ողբերգական սէրն է, այլ նաեւ կեանքի ու իրականութեան անլուծելի հակասութիւնները, անհաւասարութիւնը եւ գեղեցիկի ոտնահարումը։ Սայեաթ-Նովան շատ կարեւարութիւն տուած է մարդու բարոյական, կատարելութեան ու գեղեցկութեան հարցերուն, դարի ու ժամանակի այլանդակութեան եւ մարդկային աղարտման պատճառներուն, որոնք, ի վերջոյ մնացած են անբացատրելի: