«Սանասարեան Վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 8.
 
1892էն յետոյ յատկացուեցաւ գումար մը ուսուցիչներ պատրաստելու Սանասարեան վարժարանին համար: 1906ին վարժարանին կից բացուեցաւ երկամեայ դասընթացքով վարժապետանոց-ուսուցչանոց մը, որու նպատակը ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի պատրաստելն էր հայկական գաւառներու համար: Ըստ կտակի վարժարանին մէջ պէտք է ուսանէին առնուազն 30 ձրիավարժ Սանասարեան Սաներ: 1882-83 տարեշրջանէն սկսեալ տեղի ունեցան հրապարակային քննութիւններ, որոնց ներկայ կը գտնուէին Կարնոյ առաջնորդը, Մաարիֆի ներկայացուցիչներ, քաղաքային եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հիւպատոսական մարմնի ներկայացուցիչներ, Գաւառական Ժողովներու անդամներ, աշակերտներու ծնողքներ եւ հայ ու օտար ունկնդիրներ: Եզեանցի վերապահուած իրաւասութենէ զատ, վարժարանը ունեցաւ հետեւեալ վարիչ մարմինները:
 
=== Պոլսոյ Խնամակալութիւնը ===
Պոլսոյ խնամակալութիւնը, որ Սրբազան Պատրիարքի նախագահութեամբ, Ազգ. Վարչութեան կողմէ ընտրուած պոլսաբնակ 6 անդամներէ բաղկացած մնայուն մարմին մըն է: Կը քննէ տեղական հոգաբարձութեան ներկայացուցած ելմտացոյցը, կը վաւերացնէ հաշիւները, կ՚ ընտրէ եւ կը հրաժարեցնէ վարժարանին վերատեսուչը եւ ընդհանուր պաշտպան կը հանդիսանայ վարժարանին նիւթական եւ բարոյական շահերուն:
 
=== Տեղական Հոգաբարձութիւն ===
Կը նախագահէ տեղւոյն առաջնորդը: Հոգաբարձութեան կ՚ անդամակցին բացի վերաըեսուչէն տեղւոյն եկեղեցւոյ հօտին ընտրած 6 անձեր: Պաշտօնն է՝ վարժարանին գոյքերուն պահպանութիւնը, պատրաստել ելեւմտացոյցը, որոշել ուսուցիչներու թոշակները, ընտրել ձրիավարժ աշակերտները եւ Եւրոպա ղրկուելիք սաները:
 
=== Վերատեսուչը ===
Կ՚ ընտրէ Պոլսոյ խնամակալութիւնը եւ որ կը հաստատուի պատրիարքական պաշտօնագրով, պետն է վարժարանին ներքին վարչութեան: Պաշտօնն է հոգ տանիլ վարժարանին օրէնքներուն եւ կանոններուն անթերի գործադրութեան, ընտրել եւ արձակել ուսուցիչները, հսկել անոնց պաշտօնավարութեան եւ վարժարանին կարգապահութեան եւլն.:
 
=== Ուսուցչական Մասնաժողովը ===
Կը բաղկանայ վարժարանին բարձրագոյն երեք դասարաններուն գիտութեանց եւ լեզուներու ուսուցիչներէ, ատենապետութեամբ վերատեսուչին: Մասնաժողովին պաշտօնն է, որոշել դասաւանդուելիք ուսմանց նիւթերն ու արհեստները, կազմել անոնց մանրամասն ծրագիրը, ընտրել դասագիրքերը եւլն.: