«Սանասարեան Վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 7.
Վարժարանին ծրագիրը կը պարունակէր հետեւեալ ուսումները՝ կրօնք/ Հայերէն աշխարհաբար/ պատմութիւն/ աշխարհագրութիւն/ բնական գիտութիւններ/ Օսմաներէն/ Ֆրանսերէն/ Անգլերէն/ Գերմաներէն/ ուսողութիւն/ գեղագրութիւն/ գծագրութիւն եւ նկարչութիւն/ ձայնական երաժշտութիւն/ գործիական երաժշտութիւն/ մարմնամարզ եւ չմշկութիւն:
 
[[Մկրտիչ ՍանասարեանիՍանասարեան]]<nowiki/>ի թողած կտակը կ՚ ապահովէր վարժարանին գոյութիւնը: Կտակակատարներէն [[Կարապետ ԵզեանցԵզեան]]<nowiki/>ց պատրաստեց նոր կանոնագրութիւն մը ու ուսման շրջանը վերածուեցաւ եօթը տարիի: Սոյն կանոնագրութեան համաձայն վարժարան մտնել ուզող աշակերտները պատք է գիտնային հայերէն կարդալ, ընթեռնելի կերպով գրել, քերականութեան մասունք բանին սորված ըլլալ, շարադրութիւն մը առանց ուղղագրական խոշոր սխալներու գրել եւ թուաբանութեան չորս գործողութիւնները լաւ կերպով կատարել:
 
1892էն յետոյ յատկացուեցաւ գումար մը ուսուցիչներ պատրաստելու Սանասարեան վարժարանին համար: 1906ին վարժարանին կից բացուեցաւ երկամեայ դասընթացքով վարժապետանոց-ուսուցչանոց մը, որու նպատակը ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի պատրաստելն էր հայկական գաւառներու համար: Ըստ կտակի վարժարանին մէջ պէտք է ուսանէին առնուազն 30 ձրիավարժ Սանասարեան Սաներ: 1882-83 տարեշրջանէն սկսեալ տեղի ունեցան հրապարակային քննութիւններ, որոնց ներկայ կը գտնուէին Կարնոյ առաջնորդը, Մաարիֆի ներկայացուցիչներ, քաղաքային եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հիւպատոսական մարմնի ներկայացուցիչներ, Գաւառական Ժողովներու անդամներ, աշակերտներու ծնողքներ եւ հայ ու օտար ունկնդիրներ: Եզեանցի վերապահուած իրաւասութենէ զատ, վարժարանը ունեցաւ հետեւեալ վարիչ մարմինները: