«Պերճ Ֆ․ Սապպաղեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} == Կենսագրութիւն == Պերճ Ֆարեսի Սապաղեան ծնած է 18 Օգոստոս, 1918 թուական Հալէպ: == Ուսում == Պերճ Ս...»:
 
No edit summary
Տող 3.
 
== Կենսագրութիւն ==
'''Պերճ Ֆարեսի ՍապաղեանՍապպաղեան''' ծնած է 18 Օգոստոս, 1918 թուական Հալէպ:
 
== Ուսում ==
Տող 12.
Ապա՝ Հալէպի մէջ կը հիմնէ իր սեփական առեւտրական գրասենեակը, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ միաժամանակ:
 
Տարի մը կը խմբագրէ Հալէպի «Եփրատ» օրաթերթը: Դեռ երիտասարդ կ'աշխատակցի Արտաւազդ Արք. Սիրմէեանի աշխատասիրած «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» եռահատոր երկին՝ անգլերէն լեզուէ թարգմանութիւններ կատարելով հեղինակին համար: Ան իր հմտութիւնը կը խորացնէ դրամագիտութեան մէջ, դառնալով Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս այդ մարզի ծանօթ ու փնտռուած մասնագէտներէն մէկը: Աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով մէկտեղ Հալէպահայ մշակութային կեանքին, որուն մղիչ ու ղեկավար ուժերէն մէկն է ան քառասունական ու յիսունական թուականներուն: Միաժամանակ կը հանդիսանայ հայ - արաբ մշակութային գործակցութեան գլխաւոր օղակներէն մէկը:
 
Հակառակ կուտակած իր գիտական մեծ պաշարի, բծախնդիր ու զուսպ՝ Պերճ Սապպաղեան կը մնայ ժլատ գրիչի տէր մարդ:Սակայն եթէ գիրի ճամբով գիտական- ստեղծագործական իր խօսքը կը մնայ սահմանափակ էջերու մէջ, բանաւոր կերպով սակայն՝ ան տարբեր ծաւալ ու տարողութիւն կ'ունենայ:
 
Անդամ՝ Սուրիոյ Հնագիտական Ընկերակցութեան, մաս կը կազմէ անոր վարչութեան, մինչեւ վերջ մնալով այդ մարմնին նախաձեռնող ու գործօն անդամներէն մէկը:
 
Ան կը վախճանուի Յուլիս 12, 1982 թուական Հալէպ:
=== Հետաքրքրութիւններ ===
Պերճ Սապպաղեան կանուխէն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ դրամագիտութեան եւ պատմագիտութեան հանդէպ:
 
==== Լեզուներ ====
Ինքնաշխատութեամբ կամ մասնաւոր ուսուցիչներու հսկողութեամբ՝ Հայերէնի կողքին ան կը տիրապետէ.
 
* արաբերէն
* անգլերէն
* ֆրանսերէն
* գերմաներէն լեզուներուն:
 
Պերճ Սապպաղեան նաեւ կը ծանօթանայ հին ասորերէնին:
 
===== Յօդուածներ =====
Պերճ Սապպաղեանի թիւով սակաւ դրամագիտական յօդուածները գլխաւորաբար կը մնան.
* «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* Հալէպի «Գեղարդ- Սուրիահայ Տարեգիրք»ի էջերուն մէջ:
 
{{քաղվածք|Պերճ Սապպաղեան հնագէտ էր եւ հմուտ մասնագէտ դրամագիտութեան:Հալէպ քաշաքը, աւա՜ղ, կորսնցուց իր լաւագոյն աղբիւրը, որուն կը դիմէին բոլոր անոնք, որոնք լուսաբանութեան պէտք ունէին:|Սուրիոյ Հնագիտութեան Ընկերակցութեան նախագահ Սաատ Քաուաքիպիի վկայութիւնը:}}