«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ արեւմտահայերէն յօդուածներուն բարելաւման նպատակով oգտվելով ԱՎԲ
No edit summary
Տող 7.
| չափ =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[15 Փետրուար]], [[1885]]
| ծննդավայր = Սիլիվրի
| վախճանած է = [[26 Օգոստոս]], [[1915]]
| վախճանի վայրը =
| քաղաքացիութիւն = Հայաստան
| հպատակութիւն =
| ազգութիւն = Հայ
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան։ Ծնած է [[Սիլիվրի]] ([[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մօտ)։ Նախակրթութիւնը ստավածստացած է ծննդավայրի ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւածհետեւած՝ Պարտիզակի[[Պարտիզակ]]ի Ամերիկ.Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է Պոլսոյ [[Պէրպէրեան վարժարան ([[Թուրքիա]])|Պէրպէրեան]] վարժարանը։ Համալսարանական ուսումը ստացած է [[Զուիցերիա|Զուիցերիոյ]] մէջ՝ [[Լօզան]] ([[1905]])-ին, վկայուելով որպէս բժիշկ։
 
[[1911]]-ին, բժիշկ, շրջան մը կը պաշտօնավարէ զուիցերիական հիւանդանոցներու մէջ եւ կ'ամուսնանայ գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամին (Եաննի Ապել) հետ։ Եաննիի հետ Ռուբէնի ծանօթացումը տեղի ունեցած է վերջինիս ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի ճամբով։ 1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ / [[Լոզան]], ամուսնացած է Եաննիի հետ։ 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ, իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ՝ դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ Հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
[[1911]]-ին, բժիշկ, շրջան մը կը պաշտօնավարէ զուիցերիական հիւանդանոցներու մէջ եւ կ'ամուսնանայ գերմանուհիի մը հետ։ Պոլիս կը վերադառնայ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին։ Պոլիս վերադարձէն ետք կը կանչուի զինուրական ծառայութեան, ։ [[1915]] թուականին, հազիւ երեսուն տարեկան, կ՛աքսորուի։ Աքսորի ճամբուն վրայ, [[Դանիէլ Վարուժան|Դ․Վարուժան]]ի հետ, անպատմելի չարաչարանքներու ենթարկուել է ետք, կը նահատակուի։
 
1908-1914 թուականները, եղած են անոր ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւնները եւ միւս գրութիւնները լոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուր­հան­դակ», «[[Ազդակ (օրաթերթ, արեւմտահայերէն)|Ազ­դակ]]», «Շանթ», «Հայ գրա­կա­նու­թիւն», «Ազա­տա­մարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազ­մա­վէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
 
Կրած է Ռուբէն Սեւակ գրական ծածկանունը։
 
1914-ին, կնոջ հետ վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ հաստատուած՝ Բերա թաղամասին մէջ։
1915-ին, դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Կ. Պոլսոյ մէջ՝ հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքին մէջ։ Երազած է Կ. Պոլսոյ մէջ բժշկական գիտահանրամատչելի պարբերական մը հիմնել։
Բազմաթիւ յօդուածներու, պատմուածքներու, հանրամատչելի զրոյցներու, քնարական խորհրդածութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է։
 
== Գրական վաստակ ==
Տող 43 ⟶ 51՝
Իր բանաստեղծական գլխաւոր գործերն են՝ «Սիրոյ Գիրք», «Թրուպատուրները», «Մարդերգութիւն» եւ այլն։
 
Սեւակի «[[Բժիշկին Գիրքէն Փրկուած Էջեր]]» արձակ գործը, իր տաղանդին փայլուն մէկ նմուշն է։ Բժիշկին առօրեայէն «փրցուած» այս պատմուածքները ներկայացուած են [[Հոգեբանութիւն|հոգեբանական]] խորունկ վերլուծումներով։
 
== Ռուբէն Սեւակ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ==
Ռուբէն Սեւակ իր ժամանակակիցներէն շատ աւելի շուտ կը զգայ ու կը նկատէ արեւմտահայութեան սպառնացող ողբերգութեան հեռանկարը։ Սեւակ ինքզինք կը դրսեւորէ որպէս հասուն ազգային ու քաղաքական գործիչ եւ իր ստեղծագործութիւններով զգօնութեան կոչ կ'ընէ, ընդգծելով համազգային միասնութեան կարեւորութիւնը։
1909-ի գարնան, երբ Ատանա քաղաքին մէջ երիտթուրքական իշխանութիւններու կազմակերպած արիւնահեղութեան զոհ կը դառնայ երեսուն հազար հայ, Ռուբէն Սեւակ կը դառնայ այն ազգային գործիչներէն մէկը, որ երիտթուրքական յեղափոխութենէն «գինովցածները» [[Արշակ Չօպանեան]]ի, [[Անդրանիկ Օզանեան]]ի, [[Փարամազ]]ի եւ միւսներու նման կը զգուշացնէր ահագնացող վտանգին մասին։
Եւ այդ զգուշացումը Ռուբէն Սեւակը ոչ միայն կ'արտայայտէր իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, ինչպէս օրինակ «Գիւղական եկեղեցիին մէջ», «Գիւղական գերեզմանին մէջ», «Վրէժին սերմնացանը», «Վերջին օրօր», «Վերջին հայերը» ստեղծագործութիւններուն մէջ, այլեւ նամակներուն մէջ ու հրապարակախօսական ելոյթներուն մէջ։
Մեջբերում 8 Օգոստոս, 1908-ի, ՌուբԷն Սեւակի հրապարակային ելոյթէն.
Aquote1.png Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի ամէնէն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռտկար աչքերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ ինչպէ՞ս կ'ուզէք որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամէնէն անկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չ՛ըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը Aquote2.png
 
Այնուհետեւ Ռուբէն Սեւակ կը զգուշացնէր. «Ներսի գաւառներու մէջ կոտորածի վախ կայ, կը լսէ՞ք ԿՈՏՈՐԱԾԻ ՎԱԽԸ» ու կը պահանջէր «մարդկօրէն կատղիլ», այսինքն զինուած ազատագրական պայքար մղել։
1915-ին, երբ արդէն սկսած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմը, զօրակոչի կը կանչուի օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Մաքրիգիւղի (Մագրիքէօյ) զօրամասին մէջ։
 
== Մահը ==
1915-ի թուրքական եաթաղանի զոհ դարձած Ռուբէն Սեւակ ոչ միայն խօսքով ու գրիչով կը պաշտպանէր իր գաղափարները, այլեւ կեանքի գնով կ'ապացուցէ ժողովուրդին անմնացորդ նուիրուածութիւնը։
11(24) Ապրիլ 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը։
Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ՝ (չեթեճի) Արապաճի Իսմայի, աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ։ Չանղըրըի չերքեզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է, «Ես չեմ կրնար Պոլ­իսէն եկած հրա­ման մը չգոր­ծադ­րել»։ Ռուբէնը ազատելու համար, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լոզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր սաները՝ գերմանական բանակի պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը։ Բոլորն ալ՝ ապարդիւն։
12 Օգոստոս, 1915-ին, 12(25)-ին հեռագրած է կնոջը, թէ՝ [[Դանիէլ Վարուժան]]ի հետ կը գտնուի Այաշի բանտին մէջ։13 (25/26) Օգոստոս, 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Կալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թյիւնէ (Թյիւնայ, Թյիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (այդ թիւին մէջ՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Սիամանթօն), թուրք չեթեներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով՝ 30 տարեկանին։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
Մահէն առաջ թուրք դահիճները Ռուբէն Սեւակին կ'առաջարկեն ընդունիլ մահմետականութիւնը, ամուսնանալ թուրք պաշտօնեայի աղջկան հետ եւ փրկել իր կեանքը։ Ռուբէն Սեւակի հետ աքսորավայրին մէջ գտնուող երեւելի հայ գործիչները կը համոզէին իրեն ընդունիլ առաջարկը եւ փրկուիլ։
Սակայն Ռուբէն Սեւակ հաւատարիմ կը մնայ իր ընտանիքին, իր զաւակներուն։ Ան հաւատարիմ կը մնայ իր ժողովուրդին եւ կը գերադասէ մահը կեանքը ստորաբար շարունակելու ողորմելի հեռանկարէն…
 
 
== Ռուբէն Սեւակի բնակարանը ==
Սիլիվրի Պոլսոյ մերձակայ, ծովափնեայ գիւղ մը եղած է մինչեւ 1915: 160 տան մէջ բնակող 1000 հայ կը հաշուէր իր բնակիչներու շարքին։ Ասքանազեան վարժարանի կողքին, կար նաեւ Ս․ Գէորգ եկեղեցին։ Չիլինկիրեանները գիւղաքաղաքի հարուստ ընտանիքներէն էին։ Իրենց ունեցած աւելի քան տասը կալուածաթուղթերը տակաւին կարելի է տեսնել Յովհաննէս-Իրմա Չիլինկիրեանի յիշատակի տան մէջ, [[Նիս]]։ Ռուբէն Սեւակ նամակի մը մէջ կը խոստովանէր, թէ եթէ բժիշկ չըլլար, ապա պիտի ուզէր զբաղիլ հողագործութեամբ։ Եւ իր երազն էր օր մը վերադառնալ Սիլիվրի ու զբաղիլ հողագործութեամբ։ «Ամենավերջին փափաքս է օր մը կարենալ գիւղ քաշուիլ ու կեանքիս վերջին տարիները դաշտերուս ու հողերուս վրայ անցընել լռութեան ու բնութեան մէջ», կը գրէր ան 1912 թուակիր նամակի մը մէջ։
Սեւակի նահատակութենէն ետք, տունը կանգուն կը մնայ։ Հայրն ու մայրը այնտեղ կը գտնուէին։ Հայրը կը մահանայ 1920-ականներուն, Սիլիվրիի մէջ, երբ գիւղաքաղաքը կը գտնուէր յունական բանակի գրաւման տակ։ Յոյները Սեւակենց տան վերնայար կը վերածեն բանակային կեդրոնատեղիի։ Սեւակին հայրը՝ Յովհաննէս երբ կը մահանայ, յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի զինուորական պատիւներով, քանի որ ան հայրն էր օսմանեան բանակի հարիւրապետ՝ Ռուբէն Սեւակի։ Բանաստեղծին մայրը՝ Արմաւենի Չիլինկիրեան, յունական բանակին հետ կը լքէ հայրենի քաղաքը, կը մահանայ 1934-ին, Սելանիկի մէջ, ուր կը թաղուի հայկական գերեզմանատան մէջ<ref>[https://narekian.wordpress.com/ Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով:]</ref>։
 
== Տե՛ս նաեւ ==
Տող 50 ⟶ 81՝
* [[Ռուբէն Սեւակի կիսանդրին (Երեւան)]]
* [[Ռուբէն Սեւակի անուան մրցանակ]]
== Ծանօթագրութիւններ ==
 
{{ծանցանկ}}
== Աղիւրներ ==
== Աղբիւրներ ==
* Յարութիւն Մինասեան, «Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումներիեւբռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ» [[Երեւան]]: Լուսաբաց հրատարակչատուն, 2014 — 520 էջ։
* Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Ա.հատոր, Պոսթըն 1970, էջ 607-609:
 
== Արտաքին յղումներ ==
* [http://hayeren.hayastan.com/poet.php?poets=1sevak ՌուէնՌուբէն Սեւակի կենսագրութիւնը եւ ստեղծագործութիւնները ''hayeren.hayastan.com''-ի մէջ։]
* [http://armenianhouse.org/sevak-rouben/sevak-ru.html Ռուբէն Սեւակի կենսագրութիւնը եւ ստեղծագործութիւնները ռուսերէն լեզուով ''armenianhouse.org''-ի մէջ։]
* [http://www.arfd.info/hy/?p=6463 Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան, 1885-1915). Հայոց Արհաւիրքին եւ մարդոց Տառապանքին ցասկոտ Ճիչը:]
 
{{DEFAULTSORT:Սեւակ, ՌուէնՌուբէն}}
[[Կատեգորիա:1885 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1915 մահեր (արւմտ․)]]