«Գաբրիէլ Սեւեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
No edit summary |
||
Տող 5.
Վարժարանի տեսչութեան կողմէ Օրթագիւղի բժիշկ կ'անուանուի 1847ին երբ ամբողջ [[Պոլիս|Պոլիսը]] քօլերայի համաճարակէն կը կեղեքուէր։ Սեւեան 4 ամիս ճարտաչօրէն կը դարմանէ հիւանդները։ 1849ին աւարտելով քննութիւնները կը վկայուի Տօֆթեօր յեչեալ ընկերներուն հետ, և կ՛անուանուի բժիշկ Պոլսոյ Մալթէփէի զինւորական ետք կը նուիրուի ծովային բժշկութեան։ 1850ին Տօթք․ Սեւեան առաջին հայը ըլլալով կը կարգուի բժիշկ Կայսերական Շահապը Պահրի մարտանաւին վրայ, որ ամիս մը վերջ կփուղեւորուի Թուլօն; Դարջին Սամոս կը ղրկուի որ այն ատեն ապստամբած էր եւ ուր Օսմանեան բանակներուն հրամանատար Պօնաբարդ Մուսթաֆա Փաշայէն բժշկապետ կփանուանուի ծովային եւ ցամաքային հիւանդանոցներուն։
Նոյն տարին կը զրկուի Եգիպտոս Թայիֆ չոգենաւով, [[1860]] [[Հունվար 2|Յունվար 2]]ին Թունուզ, նոյն տարին [[Հունիս 30|Յունիւ 30ին]] Ֆուատ փաշայի հետ Պէյրութ կերթայ դարձեալ Թայիֆ չոգենաւով։ Պէյրութէն վերադարձին, բաւական ատեն այլ և այլ մարտանաւերու մէջ իբրեւ բժշկապետ ծառայելով [[1860]] [[Մայիս 3]]ին կընտրուի անդամ [[Պոլիս|Պոլսոյ]] կայս․ Բժշկական ընկերութեան։ Իր ընտիր բժշկական յօդուածները կերեւար Gazette Medical d'Orientի մէջ։▼
▲Նոյն
[[1862|1862ին]] Սեւեան պաշտօնավարած է Պոլսոյ ծովային հիւանդանոցը և այդ միջոցին պատրաստած է ընդարջակ տեղեկագիրներ (1862-65), որոնք կը ներկայացնէր ամէն տարի բժշկակն ընկերութեան։ [[1865]] [[Հոկտեմբեր 18|Հոկտեմբեր 18ին]] քոլերայի մեծ համաճարակէն վերջ իբր աշխատութեան վարձք կը ստանայ 4րդ կարգի Մենիտիյե պատուանշանը։ [[1871]] Յունվար 6ին բարձրագոյն հրամանաւ Ծովային Բժշկ․ խորհուրդին անդամ կանուանուի և այս առթիւ Պեյ տիտղոսով կը բարձրանայ միրալայի աստիճանաին, 1872ին նախագահ կանուանուի։ 1876 Յուլիս 31ին՝ Կարմիր Մահիկի ընկերութեան հիմնադիր ժողովին կը մասնակցի և գործօն ազդեցութիւն կունենայ։ Հակառակ իր բազամազբաղ վիճակւժին չը մոռնար ազգն ալ և 1878ին կ՛ըլլար հոգաբարձու ս․ Գրիգոր Լուսաւորչեան վարժարանին օրթագիւղի, ուր եղանդուն աշխատութեամբ մեծամեծ բարեկարգութիւններ կը գործադրէ, ուսմանց ծրագիրը ժամանակի պահանջներուն համաձայն հիմնովին կը բարեփոխէ, դպրոցին նիւթականը կապահովցնէ և կը յաջողի ընծայել ազգին՝ զարգացած երիտասարդներ։ [[1879]] Օգոս․ 13ին կայսերական Իզզետտին շոգենավին բժշկապետ կանուանուի և երրորդ անգամ եգիպտոս կերթայ, խտիվ Թէվֆիգ փաչային Հրովարտակը տանող պատգամաւորութեան հետ։ [[1878]] Հոկտ․ 28-ին երբ հակահասունեան Հայերէն ստուար խումբ մը առաջնորդութեամբ Հ․ Մաղաքիա Վ․ Օրմանեանի՝ կը դիմէր հայ Լուսաւորչական Եկեղեցւոյ դառնայ Մայրենի Եկեղեցին։
Սեւեան փաշա զբաղած է նաեւ գրականութեամբ և 1886ին «ճաշակ Ոսկեղէն Դպրութեան» հանդէսին մէջ դրած է ընտիր յօդուածներ, որոնց ամէնէն ուշագրաւն էր՝ «Տելեմաքայ արկած» Ա․ գլուխին ոսկեդարի գրաբարով թարգմանութիւնը որ այն ատեն բաւական աղմուկ հանեց և տեղի տուաւ մեծ բանակռիւներու։ Տելեմաքի թարգմանութենէ ետք Սեւան Պեյ «Կարեւորութիւն լեզուի» անուն գրութիւն մըն աչ ունեցաւ [[1993]]ին Գուրգէնին «Պատկեր ածխարհիկ գրականութեան» մէջ։ [[1892]]ին Տօթք․ Սեւեան Ծովային նախարարութեան կողմէ կը մասնակցի Բ․ Դուռ գումարուած Առողջակահական Կայս․ Խորհուրդին ուր արդիւնաւոր գործունեութիւն մը կունենայ, կարժանանայ Կայսեր գնահատման և կը բարձրանայ Լիվա- Փաշայութեան։ Սեւան փաշա ունէր նաեւ Գ․ Կարգի Օսմանիյէ և Բ․ կարգի Մէճիտիյէ պատուանչանները։ [[1897]] Յունիս 12ին կը կանչուի հանգստեան։ Տօքթ․ Թորգոմեան Հետեւեալը գրած է իր մասին․ «Սեւեան փաշահագուագիւտ դէմք մըն էր ազգին մէջ, և ժամանակակից Օտեանի,Աղաթօնի Տէրոյենցի, Միսաքեանի պէս երեւելի հայերու խմորովը չինուած, իր ամբողջ կանքին մէջ ուրիշ բան չէ մտածած, բայց միայն իր հէգ ազգին մտաւորական յառաջադիմութիւնը։Ինք՝ զինքը երկու կէսի բաժնած Սեւեան, իր մէկ կէսովը՝ իբրեւ բժիշկ կէս դար շարունակ նկրտած է տառապեալ մարդկութեան ցաւերն իւրովսանն ամոքելու, և միւս կէսովն իբրեւ մատենագիր, գրեթէ 60 տարեկանէն աւելի, հայ լեզուն ուսումնասիրած է․ արդեօք այս երկու կէսերն իրենց կիսադարեան կեանքին մէջ չունին ուրիշ աշխատութիւներ մեզ անծանօթ պահուած ու դիզուած»։ Մեռած է [[1900]] Նոյեմ․ 15/26ին։
|