«Սըրսոք Թանգարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Սուրսոկ (թանգարան)}} '''Սուրսոք թանգարան''', ինչպէս նաեւ, պաշտօնապէս կը կոչուի Ն...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

16:25, 4 Սեպտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Սուրսոք թանգարան, ինչպէս նաեւ, պաշտօնապէս կը կոչուի Նիքոլա Իպրահիմի Սուրսոք թանգարան, ժամանակակից արուեստի թանգարան Պէյրութի մէջ (Լիբանան): Կը գտնուի Պէյրութի Աշրաֆիէ շրջանի Ռու Սուրոք փողոցին մէջ: Այդ փողոցին մէջ կը գտնուին Պէյրութի 18-րդ դարու յայտնի ընտանիքներուն կողմէ կառուցուած շարք մը ամրոցներ:

Պատմութիւն

Սուրսոք թանգարանին շէնքը լիբանանեան ճարտարապետութեան հիանալի օրինակն է, որ մեծապէս կրած է իտալական, յատկապէս, վենետիկեան եւ օսմանեան ճարտարապետութիւններու ազդեցութիւնը: Պէյրութի ամենայաջող եւ հարուստ ընտանիքներէն մէկուն անդամ Նիքոլա Սուրսոքը 19-րդ դարուն կառուցած է թանգարանին այսօրուայ շէնքը որպէս վիլլա: Նիքոլա Սուրսոքը, որ մահացած է 1961 թուականին, վիլլան նուիրած է Պէյրութ քաղաքին[1]: Անոր ցանկութեան համաձայն` վիլլան վերաձեւափոխուած է թանգարանի[2]:

 
Սուրսոք թանգարանին մարմարեայ աստիճանները

Թանգարանը բացուած է 1961 թուականին, լիբանանեան ժամանակակից գծագրիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէսով` Պէյրութի մշակութային կեանքին մէջ նախադէպ ստեղծելով[3]: Ետքը թանգարանին մէջ ցուցադրուած են լիբանանեան, ինչպէս նաեւ օտար գծագրիչներու հարիւրաւոր գործերը: Ժամանակակից արուեստի գործերէն բացի, թանգարանին մէջ կը պահուին ճափոնական փորագրութիւններ եւ իսլամական արուեստի աշխատանքներ[4]:

Թանգարանի ընդլայնում

Թանգարանի տարածքի ընդլայնումը կ'ենթադրուէր չորս նոր ստորգետնեայ յարկերու կառուցում` 12 միլիար ամերիկեան տոլար ընդհանուր արժողութեամբ[5]: Ֆրանսացի ճարտարապետ Ժան-Միշել Ուիլմոթ եւ լիբանանցի ճարտարապետ Ժաք Ապու Խալէտը մտածած են ընդլայնման նախագիծին մասին[6]: Ընդլայնման այդ նախագիծը թոյլ կու տար մեծցնել թանգարանին տարածքը 2.000-7.000 քմ, ներառեալ նոր ցուցասրահները, գրադարանները, գրախանութը եւ երաժշտական սենեակները:

Թանգարանի հաւաքածոյ

Թանգարանի հաւաքածոն ունի արուեստի 5.000 նմուշ, որոնց մէջ կան նկարներ, քանդակներ, ապակիէ աշխատանքներ 18-20-րդ դարերէն մնացած: Հետեւեալ լիբանանցի եւ համաշխարհային արուեստագէտներուն աշխատանքները մնայուն կերպով կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ.

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ