«Սիս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: → (5)
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 20.
'''Սիս''', քաղաք [[Դաշտաին Կիլիկիա|Դաշտաին Կիլիկիոյ]] տարածքին։
 
== Մինչեւ մայրաքաղաք ==
[[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] [[Թորոս Ա․]] իշխանապետը գահակալման սկիզբին, տեղի հայերու աջակցութեամբ, բիւզանդական տիրապետութենէն կ՛ազատագրէ Սիսը եւ մօտակայքը կը հիմնէ Դրազարկի վանքը, որ այնուհետեւ կը դառնայ նաեւ [[Ռուբինեաններ]]ու դամբարանը։ [[13 Նոյեմբեր]] [[1114]]–ի երկրաշարժէն՝ խիստ կը տուժէ նաեւ Սիսը, կը զոհուին բնակիչներուն մեծ մասը։
 
== Սիսը մայրաքաղաք ==
[[Մլեհ]] իշխանապետը կը վերակառուցէ Սիսը եւ [[1173]]–ին այն կը հռչակէ [[Կիլիկեան Հայաստան]]ի մայրաքաղաք։ [[Լեւոն Բ․ Մեծագործ]] Սիսը հիմնովին վերակառուցել, պարսպապատել, արքունի ապարանքով, աշխարհիկ ու կրօնական շէնքերով, պարտէզ–զբօսարաններով ու ծաղկանոցներով կը ճոխացնէ։
 
== Շինութիւնները ==
Շինարարական աշխատանքները Սիսի մէջ կը շարունակուին նաեւ [[Հեթում Ա․]] թագաւորին եւ անոր յաջորդներուն ժամանակ։ Հայ պատմիչները առաձնապէս գովեստով կը խօսին քաղաքի հիւսիսաին թաղամասին մէջ՝ Հեթում Ա․–ի հիմնադրած նոր ապարանքն ու անոր ճոխ քանդակներուն մասին։ Բոլորաձեւ յօրինուածքով՝ Դարպաս–ապարանքը, կերտուած է սրբատաշ խոշոր քարերով, մարմարեայ սեւ սիւնաշարով։ Հզօր աշտարակներով եռապարիսպ, եռադարպաս բերդը բաժնած է երեք մասի, որոնք իրարու կը կապուին քարակերտ ուղիներով։ Բերդի հարաւային կողմը՝ ներքնաբերդն է կամ բուն դղեակը, ուր վտանգի ժամանակ կը պատսպարուէր արքունիքը։ Սիսը ունեցած է մի քանի տասնեակ եկեղեցիներ ու վանքեր։ Հին եպիսկոպոսարանը եւ անոր եռախորան Ս. [[Գրիգոր Լուսաւորիչ]] եկեղեցին կը գտնուէին քաղաքի հարաւաին ծայրամասը։ [[Հռոմկլա]]յի գրաւումէն յետոյ, այն դարձած է հայոց ընդհանրական կաթողիկոսութեան, այնուհետեւ՝ [[Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութիւն|Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան]], աթոռանիստ կեդրոնը։
 
Տող 33.
Սիսը հռչակաւոր եղած է իր մասնագիտացուած բարձրագոյն դպրոցներով, որոնցնէ մեծահամբաւը եղած է [[Ներսէս Լամբրոնաց]]իի հիմնադրած աշխարհիկ համալսարանը։
 
== Սիսի անկումը ==
[[1266]]-ի Օգոստոսին, [[Եգիպտոս]]ի Պիպարս սուլթանը խոշոր ուժերով կը ներխուժէ [[Կիլիկիա]], կը պաշարէ Սիսը, բայց չկարողանալով գրաւել բերդը, կը հրկիզէ քաղաքը, կը կողոպտէ հարստութիւնները։ [[1270]]–ական թուականներուն քաղաքը կը վերաշինուի, կ՛ամրացուին նաեւ պարիսպները։ [[1275]]–ին [[Եգիպտոս]]ի սուլթանութեան զօրքերը կրկին կը փորձեն գրաւել Սիսը, սակայն քաղաքի պարիսպներուն մօտ գտնուող հայկական զօրաբանակը, [[Սմբատ Սպարապետ]]ի առաջնորդութեամբ կը ջախջախէ ու ետ կը շպրտէ զանոնք։ Այնուհետեւ, շուրջ մէկ դար, Սիսը կ՛ապրի համեմատաբար խաղաղ կեանք մը։ [[Եգիպտոս]]ի սուլթանութեան 60 հազարանոց զօրաբանակը վերստին կը պաշարէ Սիսը՝ [[1369]]–ին։ Հրդեհի ճարակ դարձնելով եւ կողոպտելով քաղաքը՝ թշնամին, ամէն պարագային, հարկադրուած կ՛ըլլայէ հրաժարիլ բերդի գրաւման գաղափարէն, ու նահանջել։ Օգտուելով [[Կիլիկեան Հայաստան]]ի պետական իշխանութեան թուլացումէն ու ներքին երկպառակտութիւնէն՝ Եգիպտոսի սուլթան Մելիք Աշրաֆը [[1375]]–ին կը պաշարէ եւ կը գրաւէ բերդը, կը ձերբակալէ թագաւորին ու շարք մը իշխաններուն։ Սիսի անկումը հայ պատմիչները գնահատած են որպէս՝ հայկական պետականութեան կորուստ։ Սաստկացող բռնութիւններու պայմաններուն շատ սիսեցիներ գաղթած են օտար երկրներ։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սիս» էջէն