«Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան''', (1905 - 1995), ամերիկահայ անգլագիր գրող, բանասէր, ունի հայերէնով բանաստ...»:
 
Տող 4.
== Կենսագրութիւն ==
 
Ծնած է [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]] [[1905]] թ.։ Հայրը՝ Կարապետ Սիւրմէլեան, դեղագործ էր, մայրը՝ Զուարթ Տիրատուրեան։ Ունեցած է մէկ եղբայր եւ երկու քոյր։ Զաւէնը չորս զաւակներէն երրորդն էր։
 
[[1915]] թ. Հայոց Եղեռնի ժամանակ կը կորսնցնէ իր ծնողները։ Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպարէ չորս որբերը։ [[1916]]-ին տասնմէկամեայ Զաւէնը ռուսական նաւով կը մեկնի [[Պաթում]], ապա՝ [[Կրասնոտար]]։ Զինադադարէն ետք՝ [[1918]]-ին, Զաւէնը իր որբ ընկերներուն հետ կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշի երկրագործական վարժարան։ Մէկ տարի ետք ընկերներուն հետ կ'որոշէ Հայաստան երթալ, բայց հազիւ տեղ հասեր էին, երբ թուրքերը կը գրաւեն Կարսը։ Զաւէնն ու իր որբ ընկերները թափառական, անպատսպառ ու ցրտահար օրեր կ'անցընեն։ Ի վերջոյ՝ [[1920]]-ին կրկին կը վերադառնան Պոլիս, ուր Զաւէնը կը յաճախէ [[Կեդրոնական վարժարան]]։ Պոլսոյ որբանոցին մէջ Կենդրոնական վարժարան ուսանելու ժամանակ անոր առաջին ոտանաւորները կ'արժանանան [[Յակոբ Օշական]]ի եւ [[Վահան Թէքէեան]]ի ուշադրութեան։
 
[[1922]]-ին, Հայ գիւղատնտեսութեան միութեան աջակցութեամբ կ'անցնի ԱՄՆ, Քենզըս նահանգի երկրագործական քոլեճին մէջ ուսանելու։ Ուսաներ է նաեւ Նեպրասքայի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ։ Ստեղծագործեր է 15 տարեկանէն։ [[1924]]-ին Վահան Թէքէեանը կը խմբագրէ առանձին նամակներով ուղարկած Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւնները եւ Փարիզի մէջ իր միջոցներով կը հրատարակէ անոր հայերէն միակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «[[Լոյս Զուարթ]]»-ը, որ այդ շրջանի հայկական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմուշներէն է։ Յետագային գրեր է միայն անգլերէն։
 
[[1931]]-ին Սիւրմէլեանը Լոս Անճելոսի մէջ կը խմբագրէ «[[Armenian Messenger]]» շաբաթաթերթը։
 
Սիւրմէլեանը ճանաչում ձեռք կը բերէ իր առաջին անգլերէնով գրուած վէպով՝« [[Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք]]», որ ինքնակենսագրական բնոյթ կը կրէ եւ կը պատմէ Եղեռնի մասին տասնամեայ Զաւէնին աչքերով։ Վէպը հրատարակուեր է [[1945]]-ին։ Սիւրմէլեանը հեղինակ է նաեւ «[[98.6°]]» վէպին (1950)։ Այս վէպը կ'առանձնանայ հերոսներու ներաշխարհի նուրբ վերլուծութեան վարպետութեամբ։ [[1964]]-ին Անգլիոյ մէջ կը տպագրուի Սիւրմէլեանի «[[Սասնայ Ծռեր]]» ստեղծագործութիւնը, իսկ [[1968]]-ին «Անմահութեան խնձորները», որը հայ ժողովրդական աւանդավէպերու հաւաքածու է։ Այս երկու ստեղծագործութիւնները հովանաւորած է ԵՈՒՆԻՍԿՕ-ն՝ որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեան կարեւոր նմուշներ։ 1968-ին կը հրատարակուի նաեւ Սիւրմէլեանի գրականագիտական «Techniques of Fiction Writing» աշխատութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի համալսարաներուն մէջ, որպէս դասագիրք վիպագրական արուեստի:
[[1958]] - 1969-ին անգլերէն գրականութիւն դասախօսեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։
 
Վախճաներ է [[1995]]-ին։
 
 
== Հայերէն միակ «Լոյս զուարթ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն ==
 
«Լոյս զուարթ» ժողովածուն եղաւ Սիւրմէլեանի առաջին ու վերջին հայերէն ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Սիւրմէլանի միակ բանաստեղծական ժողովածուն։ Ժողովածուն 1924-ին լոյս տեսաւ Փարիզ եւ վերահրատարակուեցաւ Նիու Եորք [[1950]] եւ [[1972]] թթ.։ Ժողովածուն կ'ընդգրկէ 21 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը նկատուին օրերու բանաստեղծաշատ մթնոլորտի մէջ։ Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւններու մէջ կը նկատուին հողի ու բնութեան նկատմամբ սէր ու նուիրուածութիւն։ «Փափաք» կը վերնագրէ իր բանաստեղծութիւնը, որու մէջ կը ցանակայ ըլլալ «ցորենի արտին ծաղիկը կարմիր՝ գաւաթ արեւին», «Գիւղի հին կամուրջ մը փայտէ», «Մամռապատ աղբիւր մ'որ հազիւ կ'երգէ», «Գեղջուկին կաւէ ամանը բարի, որ քաղքի ծարաւն ալ մէջս մարի»։
«Զարմացում» վերնագրած է յանկարծակի ընկալած բնութեան գեղեցկութեան տպաւորութիւնները.
<poem>Պարտէզները՝ հարս, ծաղիկնին կու լան
Միսի պէս խոնաւ, տաք հողին վրայ,
Շուքերն ալ ինչպէս աղջիկ կ'ամչնան՝
Առուակին արծաթ հայլիին վրայ:
Լուսինը՝ մաշած հին ոսկեդրամ,
Աւազանին մէջ ինկած կը հալի.
Ինծի հետ՝ վարը թուփ մ'ալ կը մսի.
Մայիսի անուշ սարսուռ մը կը զգամ։
Խաղաղ ու ծանր՝ սրինգի գիշեր.
Այ տղայ, այլեւս հինը մի՛ յիշեր,
Պարտուած սիրտդ լեցուր նոր կեանքով.
Բայց ինչ, մոռցեր եմ զայն ուրիշի քով...</poem>
Պատանի բանաստեղծը կը հասկնայ, որ կեանքին պէտք է յաղթէ եւ ինքնիրեն խորհուրդ կու տայ հինը չյիշել, ապրիլ նոր կեանքով, սակայն սրտի խորքը չէր սպիանար վէրքը, կորուստները՝ հայրենի տունն ու ծնողները։ Որբութիւնը կը մխար սրտի մէջ, եւ ան կը գրէր «Տունիս յիշատակը».
Կը փնտռեմ իմ երգերով իմ տունս՝ ա՛լ յիշատակ,
Մինչ կ'աղօտի օրէօր իմ պատկերը մտերիմ,
Իմ տունս երգ մ'է, որուն բառերն այլեւս չունիմ.
Իմ տունս յար մ'է անուշ զոր կը սիրեմ միսմինակ։
Կը յիշեմ հօրս պատկերն՝ ինչպէս գլուխն Յիսուսին.
Մայրս՝ տրտում ու բարի, դեռ աղջիկ մ'էր նազելի,
Հայրս տեսնէր իմ հասակս ու աչքերս բոցով լի,
Մայրս գիտնա՛ր, թէ որքա՜ն մարդերը զիս ծեծեցին։
Մտածումիս մէջ իմ տունս ցերեկին աչք մ'է փորուած,
Ու գիշերները մռայլ մեռած աղջիկ մ'է կարծես՝
Զոր կը սիրե՜մ տակաւին... Յետոյ կու լամ խենթի պէս.
Ու ճրագս կը մարեմ, որ չտեսնէ՜ զիս Աստուած։
Պատանի Սիւրմէլեանը ներքին զգացողութեամբ ճիշտ ըմբռնեց իր ժամանակի առաւել բանական մտածումը, թէ չարիքին յաղթելու համար հարկաւոր է տքնութեամբ կենսաւորել ուժերը, որ կարեւորը Հայաստանի վերաշինութիւնն է։ Այդ մտածումներու արգասիքը եղաւ անոր եւ այդ օրերու լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն մէկը՝ «Ասացուածք՝ ծառ տնկելու առթիւ»։
 
<poem>Տէ՛ր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ։ Ես կը տնկեմ զայն ահա
Փխրուն եւ սեւ հողին մէջ, ուր պապերս կը պառկին.
Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէրն եմ կրկին,
Ու արեւուն տակ կ'աճիմ՝ անունն իրենց շուրթիս վրայ:
 
Պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր բազուկներն ու հոգին,
Գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ շունչը անմահ,
Տէ՛ր, միսմինակ, նազելի, այս ծառն աղօթք մը ըլլայ,
Ու փաթթուիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին։
 
Երկաթագիր պատմութիւնն այս մտերիմ հողերուն
Աչքիս արցունք կը բերէ... փառք ու մեռել շատ ունի։
Երկիրն իմ հին, ալեւոր, որուն ես թոռն եմ վայրի,
Խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն...
 
Մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի...</poem>
 
Վախճաներ է 1995-ին։
== Աղբիւրներ ==