«Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 14.
[[1931]]-ին Սիւրմէլեանը Լոս Անճելոսի մէջ կը խմբագրէ «[[Armenian Messenger]]» շաբաթաթերթը։
 
Սիւրմէլեանը ճանաչում ձեռք կը բերէ իր առաջին անգլերէնով գրուած վէպով՝«[[Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք |Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք]]», որ ինքնակենսագրական բնոյթ կը կրէ եւ կը պատմէ Եղեռնի մասին տասնամեայ Զաւէնին աչքերով։ Վէպը հրատարակուեր է [[1945]]-ին։ Սիւրմէլեանը հեղինակ է նաեւ «[[98.6°]]» վէպին (1950)։ Այս վէպը կ'առանձնանայ հերոսներու ներաշխարհի նուրբ վերլուծութեան վարպետութեամբ։ [[1964]]-ին Անգլիոյ մէջ կը տպագրուի Սիւրմէլեանի «[[Սասնայ Ծռեր]]» ստեղծագործութիւնը, իսկ [[1968]]-ին «Անմահութեան խնձորները», որը հայ ժողովրդական աւանդավէպերու հաւաքածու է։ Այս երկու ստեղծագործութիւնները հովանաւորած է ԵՈՒՆԻՍԿՕ-ն՝ որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեան կարեւոր նմուշներ։ 1968-ին կը հրատարակուի նաեւ Սիւրմէլեանի գրականագիտական «Techniques of Fiction Writing» աշխատութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի համալսարաներուն մէջ, որպէս դասագիրք վիպագրական արուեստի։
[[1958]] - 1969-ին անգլերէն գրականութիւն դասախօսեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։