«Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 6.
| չափ =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[1905]]
| ծննդավայր = [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]]
| վախճանած է = [[1995]]
| վախճանի վայրը =
| քաղաքացիութիւն =
Տող 30.
{{Արևելահայերեն|Լևոն Զավեն Սյուրմելյան}}
 
'''Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան''', (1905, [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]] - 1995 թթ.), ամերիկահայ անգլագիր գրող, բանասէր, ունի հայերէնով բանաստեղծութիւններու մէկժողովածու ժողովածու։մը։
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]] [[1905]] թ.։ Հայրը՝ Կարապետ Սիւրմէլեան, դեղագործ էր, մայրը՝ Զուարթ Տիրատուրեան։ Ունեցած է մէկ եղբայր եւ երկու քոյր։ Զաւէնը չորս զաւակներէն երրորդն էր։
 
[[1915]] թ. Հայոց Եղեռնի ժամանակ կը կորսնցնէ իր ծնողները։ Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպարէ չորս որբերը։ [[1916]]-ին տասնմէկամեայ Զաւէնը ռուսական նաւով կը մեկնի [[Պաթում]], ապա՝ [[Կրասնոտար]]։ Զինադադարէն ետք՝ [[1918]]-ին, Զաւէնը իր որբ ընկերներուն հետ կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշի երկրագործական վարժարան։ Մէկ տարի ետք ընկերներուն հետ կ'որոշէ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]] երթալ, բայց հազիւ տեղ հասեր էին, երբ թուրքերը կը գրաւեն Կարսը։[[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]]ը։ Զաւէնն ու իր որբ ընկերները թափառական, անպատսպառ ու ցրտահար օրեր կ'անցընեն։ Ի վերջոյ՝ [[1920]]-ին կրկին կը վերադառնան Պոլիս, ուր Զաւէնը կը յաճախէ [[Կեդրոնական վարժարան]]։ Պոլսոյ որբանոցին մէջ Կենդրոնական վարժարան ուսանելու ժամանակ անոր առաջին ոտանաւորները կ'արժանանան [[Յակոբ Օշական]]ի եւ [[Վահան Թէքէեան]]ի ուշադրութեան։
 
[[1922]]-ին, Հայ գիւղատնտեսութեան միութեան աջակցութեամբ կ'անցնի ԱՄՆ, Քենզըս նահանգի երկրագործական քոլեճինգոլէճին մէջ ուսանելու։ Ուսաներ է նաեւ Նեպրասքայի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ։ Ստեղծագործեր է 15 տարեկանէն։ [[1924]]-ին Վահան Թէքէեանը կը խմբագրէ առանձին նամակներով ուղարկած Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւնները եւ Փարիզի[[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]ի մէջ իր միջոցներով կը հրատարակէ անոր հայերէն միակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «[[Լոյս Զուարթ]]»-ը, որ այդ շրջանի հայկական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմուշներէն է։ Յետագային գրեր է միայն անգլերէն։
 
[[1931]]-ին Սիւրմէլեանը Լոս ԱնճելոսիԱնճելըսի մէջ կը խմբագրէ «[[Armenian Messenger]]» շաբաթաթերթը։
 
Սիւրմէլեանը ճանաչում ձեռք կը բերէ իր առաջին անգլերէնով գրուած վէպով՝ «Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք», որ ինքնակենսագրական բնոյթ կը կրէ եւ կը պատմէ Եղեռնի մասին տասնամեայ Զաւէնին աչքերով։ Վէպը հրատարակուեր է [[1945]]-ին։ Սիւրմէլեանը հեղինակ է նաեւ «[[98.6°]]» վէպին ([[1950]])։ Այս վէպը կ'առանձնանայ հերոսներու ներաշխարհի նուրբ վերլուծութեան վարպետութեամբ։ [[1964]]-ին [[Անգլիա (արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] մէջ կը տպագրուի Սիւրմէլեանի «[[Սասնայ Ծռեր]]» ստեղծագործութիւնը, իսկ [[1968]]-ին «Անմահութեան խնձորները», որը հայ ժողովրդական աւանդավէպերու հաւաքածու է։ Այս երկու ստեղծագործութիւնները հովանաւորած է ԵՈՒՆԻՍԿՕ-ն՝ որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեան կարեւոր նմուշներ։ 1968-ին կը հրատարակուի նաեւ Սիւրմէլեանի գրականագիտական «Techniques of Fiction Writing» աշխատութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի համալսարաներուն մէջ, որպէս դասագիրք վիպագրական արուեստի։
[[1958]] - [[1969]]-ին անգլերէն գրականութիւն դասախօսեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։
 
Վախճաներ է [[1995]]-ին <ref>Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան (2005)։ 98.6°։ Երեւան։ ՀԳՄ հրատարակչութիւն, էջ 3-24</ref> ։
 
== Հայերէն միակ «Լոյս զուարթ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն ==
 
«Լոյս զուարթ» ժողովածուն եղաւ Սիւրմէլեանի առաջին ու վերջին հայերէն ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Սիւրմէլանի միակ բանաստեղծական ժողովածուն։ Ժողովածուն [[1924]]-ին լոյս տեսաւ Փարիզ եւ վերահրատարակուեցաւ Նիու Եորք [[1950]] եւ [[1972]] թթ.։ Ժողովածուն կ'ընդգրկէ 21 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը նկատուին օրերու բանաստեղծաշատ մթնոլորտի մէջ։ Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւններու մէջ կը նկատուին հողի ու բնութեան նկատմամբ սէր ու նուիրուածութիւն։ «Փափաք» կը վերնագրէ իր բանաստեղծութիւնը, որուորուն մէջ կը ցանակայ ըլլալ «ցորենի արտին ծաղիկը կարմիր՝ գաւաթ արեւին», «Գիւղի հին կամուրջ մը փայտէ», «Մամռապատ աղբիւր մ'որ հազիւ կ'երգէ», «Գեղջուկին կաւէ ամանը բարի, որ քաղքի ծարաւն ալ մէջս մարի»<ref>Վազգէն Գաբրիէլեան (1987)։ Սփիւռքահայ գրականութիւն։ Երեւան։ Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, էջ 54-58</ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
== Արտաքին յղումներ ==
* [http://www.azatamtutyun.com/arm/shop/UID_6304_.html Աշոտ Գաբրիէլեանի գրախօսականը Սիւրմելեանի «Արձակի տեխնիկա» գիրքի հայերէն հրատարակման առթիւ:]
 
 
 
 
[[Կատեգորիա:1905 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1995 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Տրապիզոն ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Սփիւռքահայ գրականութիւն]]