«Սօս Վանի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 51.
 
=== Գրագէտ եւ հէքիաթագիր ===
Գրագէտի եւ հեքիաթագիրի իր համբաւը ան կը պարտի մամուլին մէջ իր ստորագրած հարիւրաւոր հետաքրքրական գրութիւններուն, որոնց մէկ մասը միայն լոյս տեսաւ առանձին հրատարակութիւններերովհրատարակութիւններով, ինչպէս «Վահագնածնունդ»ը, «Ծամթելս ծովը ընկաւ»ը, «Ճանչնանք մեր հայրենիքը» (Վասպուրականի մասին) եւ «Այն օրէն ի վեր, այն օրէն անդին»ը՝ պատմուածքներու եւ աւանդութիւններու երկու հատորներ։
Իրմէ մնացած են բազմաթիւ անտիպ գործեր՝ հայրենագիտական ուսումնասիրութիւններ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ, թատերակներ (որոնցմէ մի քանին ձեռագիր, այժմ կը գտնուին Յունաստանի Համազգայինի գրադարանը), եւայլն։
Սօս-Վանիի կեանքին վերջին մէկ քանի տարիներուն առողջական վիճակը քայքայուած էր։ Իր կեանքը փրկելուհամար անոր գաղափարակից ընկերներուն զոհաբերութիւնները բաւարար չեղան․ աչքերը փակեց Փիրէայի պետական հիւանդանոցին մէջ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սօս_Վանի» էջէն