«Սուր (քաղաք)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 16.
 
Հին ժամանակներուն, Սուր կղզին ամրոցներով լաւապէս կը շրջապատոէր եւ Ուշու հողն ալ քաղաքէ մը աւելի կը նմանէր զանազան արուարձաններու ու կը գործածուէր իբրեւ ջուրի եւ տախտակի հարթակ կղզիին:<ref>[http://encyclopedia.jrank.org/TUM_VAN/TYRE_Phoen_and_Hebr_rock_Assyr_.html 'Tyre' from Encyclopædia Britannica 11th ed.]</ref> Յովսէփուս կ'արձաագրէ,որ այս երկու քաղաքներու բնակիչները ատեն-ատեն կը կռուէին, սակայն ընդհանրապէս միշտ իրարու կողքին կը կանգնէին, որովհետեւ կ'օգտուէին կղզիին հարստութենէն, որ կու գայ նաւահանգիստէն, եւ բուն հողի տախտակէն, ջուրէն եւ այրելու հողերէն:
 
=== Պրոնզի եւ երկաթի դարեր ===
Ըստ Հերոթոտոսի, Սուրը կը հիմնուի մօտաւորապէս Ք.Ա. 2750-ին՝ բուն հողին վրայ, իբրեւ պատուած քաղաք:<ref>{{cite book|last=Bement|first=R B|title=Tyre; the history of Phoenicia, Palestine and Syria, and the final captivity of Israel and Judah by the Assyrians|publisher=Ulan Press|asin=B009WP2MR8|page=47}}</ref> Սուր անունը յուշարձաններու վրայ կը սկսի յիշուի Ք.Ա. 1300-էն ի վեր:
 
Կան 10 ամառնա նամակներ Ք.Ա. 1350-էն քաղաքապետին՝ Ապիմիլքուին կողմէ՝ ուղղուած Աքենաթենի: Նամակներուն նիւթը ընդհանրապէս ջուրին, տախտակին, Հապիրուի քաղաքը գրաւելն ու կղզիին վրայ անոր ազդեցութեան մասին:<ref>{{cite book|last=Bement|first=R B|title=Tyre; the history of Phoenicia, Palestine and Syria, and the final captivity of Israel and Judah by the Assyrians|publisher=Ulan Press|asin=B009WP2MR8|page=47}}</ref>
 
Հին աշխարհի դրամները կը պահուէին Սուրի մթերանոցներուն մէջ:<ref>from 'Tyre' in [[Easton's Bible Dictionary]]</ref>
 
Սուր կը դառնայ [[Փիւնիկէ]]ի ամէնէն զօրաւոր քաղաքներէն մէկը: Իր թագաւորներէն մէկը՝ Տէր Իթոպալ Ա.-ը կը կառավարէ Փիւնիկէ մը, որ կը տարածուէր մինչեւ Պէյրութ եւ Կիպրոսէն մասեր: Քարթեճը կը հիմնուի Ք.Ա. 814-ին՝ Փիկմալիոնի իշխանութեան օրերուն: Փիւնիկէի մասին որեւէ մէկ բան օտարներուն կողմէ կը սկսի կոչուելու ''Սիտոնիա'' կամ ''Թիրիա'': Փիւնիկեցիներն ու քանանացիները կը կոչուէին ''սիտոնցիներ'' կամ ''թիրցիներ'', երբ փիւնիկեան քաղաքները յաջորդաբար կը սկսին հռչակ ստանալու:
 
Սուրը նշանաւոր էր իր իւրայատուկ եւ թանկարժէք մանիշակագոյնն ներկին արտադրութեամբ, որ կ'արտադրուէր միւրէքս ձուկէն: Այս գոյնը կը կոչուէր սուրեան մանիշակագոյն: Այս գոյնը կը պահուէր թագաւորական կամ ազնուական ընտանիքներու համար:<ref>Bariaa Mourad. ''"Du Patrimoine à la Muséologie : Conception d'un musée sur le site archéologique de Tyr",''(Thesis); Museum National d'Histoire Naturelle (MNHN), Study realised in cooperation with the Unesco, Secteur de la Culture, Division du Patrimoine Culturel, Paris, 1998</ref>
 
Սուրէն փիւնիկեցիներ կը հաստատուին [[Մեմֆիս (արեւմտահայերէն)|Մեմֆիս]]ի մէջ՝ [[Հեփեստոսի Տաճար (արեւմտահայերէն)|Հեփեստոսի տաճար]]ի հարաւը գտնուող Սուրի բանակատեղի:<ref>{{cite book|last=[[Herodotus]]|title=The Histories|publisher=Oxford World's Classics|isbn=9780199535668|page=137}}</ref>