«Սուրբ Ծնունդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 9.
[[Հայ Առաքելական Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|Հայ Առաքելական Եկեղեցի]]ն [[Յիսուս Քրիստոս]]ի Ս. Ծննդեան տօնը կը նշէ 6 [[Յունուար]]ին<ref name="Ծնունդ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274774 | title=Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով}}</ref>։ Կաթողիկէ եկեղեցին այս տօնը կը նշէ 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին<ref name="Ծնունդ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274774 | title=Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով}}</ref>։
 
Մինչեւ Դ. դար, բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը նշած են 6 [[Յունուար]]ին։ Սակայն քրիստոնէութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք, հռովմէացիները կը շարունակէին հեթանոսական տօներ նշել։ Բանն այն է, որ 25 ‎[[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին մեծ շուքով կը նշուէր արեւի դից Միհրի (Միթրա, Մհեր) պաշտամունքին նուիրուած տօնը։ Հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու համար, 336-ին Հռոմի եկեղեցին 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ը պաշտօնապէս կը հռչակէ [[Յիսուս Քրիստոս]]ի ծննդեան օրը։ Հետագային Ասորիքի եւ գրեթէ ամբողջ արեւելքի մէջ [[Յիսուս Քրիստոս|Քրիստոսի]] Ծննդեան տօնի օրը կը փոխադրուի 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին, իսկ 6 [[Յունուար]]ը կը մնայ որպէս Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օրը։
 
Հնագոյն աւանդութեան եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ կը մնայ միայն Հայ Առաքելական Ս.եկեղեցին՝ 6 [[Յունուար]]ին միասնաբար նշելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։