«Սուրբ Ծնունդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 7.
== Պատմութիւն ==
[[Պատկեր:Garofalo - Adoration of the Sheperds - Google Art Project.jpg|մինի|ձախից|Հովիւներու այցելութիւն]]
[[Հայ Առաքելական Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|Հայ Առաքելական ԵկեղեցիԵկեղեցին]]ն [[Յիսուս Քրիստոս]]ի Ս. Ծննդեան տօնը կը նշէ 6 [[Յունուար]]ին<ref name="Ծնունդ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274774 | title=Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով}}</ref>։ Կաթողիկէ եկեղեցին այս տօնը կը նշէ 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|ԴեկտեմբերԴեկտեմբերին]]ին<ref name="Ծնունդ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274774 | title=Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով}}</ref>։
 
Մինչեւ Դ. դար, բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը նշած են 6 [[Յունուար]]ին։ Սակայն քրիստոնէութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք, հռովմէացիները կը շարունակէին հեթանոսական տօներ նշել։ Բանն այն է, որ 25 ‎[[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|ԴեկտեմբերԴեկտեմբերին]]ին մեծ շուքով կը նշուէր արեւի դից Միհրի (Միթրա, Մհեր) պաշտամունքին նուիրուած տօնը։ Հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու համար, 336-ին Հռոմի եկեղեցին 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|ԴեկտեմբերԴեկտեմբերը]]ը պաշտօնապէս կը հռչակէ [[Յիսուս Քրիստոս]]ի ծննդեան օրը։ Հետագային Ասորիքի եւ գրեթէ ամբողջ արեւելքի մէջ [[Յիսուս Քրիստոս|Քրիստոսի]] Ծննդեան տօնի օրը կը փոխադրուի 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|ԴեկտեմբերԴեկտեմբերին]]ին, իսկ 6 [[Յունուար]]ը կը մնայ որպէս Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օրը։
 
Հնագոյն աւանդութեան եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ կը մնայ միայն Հայ Առաքելական Ս.եկեղեցին՝ 6 [[Յունուար]]ին միասնաբար նշելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։
 
== Պահք ==
Ըստ Հայ եկեղեցւոյ՝ Ս. Ծննդեան նախորդող մէկ շաբաթը պահոց շրջան է։ 30 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|ԴեկտեմբերԴեկտեմբերէն]]էն մինչեւ 5 Յունուարի գիշերը մարդիկ պահք կը պահեն։ Այդ ընթացքին կ'օգտագործուի բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սնունդ։
 
Հայոց հին տոմարին համաձայն՝ Նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին, այսինքն 11 [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|ՕգոստոսՕգոստոսին]]ին, որ չէր զուգադիպեր պահքին։ Հետագային՝ տոմարական նոր հաշուարկի ներմուծմամբ, Նոր տարին կը սկսին տօնել 31 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|ԴեկտեմբերԴեկտեմբերին]]ին, որ կը զուգադիպի քրիստոնէական մեծագոյն տօնի՝ Ս. Ծննդեան նախընթաց պահքին։ Պահեցողները պահոց շրջանէն դուրս կու գան 5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ եւ կը տրուի Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Մարդիկ միմեանց կ'ողջունեն «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս» ըսելով։
 
== Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ ==
Յատկանշական է, որ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը կը սկսի 5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան, որովհետեւ եկեղեցական օրը կը փոխուի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք՝ ժամը 17:00-ին։ Ս. Ծնունդը կը սկսինք տօնել 5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան եւ 6 [[Յունուար]]ին։
5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Հետաքրքրական է, որ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ տարին ընդամէնը երկու անգամ կը մատուցուի՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն։ Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագ (մոմ) լուցանել, այսինքն՝ վառել։ Այդ օրը երեկոյեան մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած ճրագները իրենց հետ տուն կը տանին, որ կը խորհրդանշէ աստուածային լոյս, եկեղեցւոյ օրհնութիւն։
Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ բեթղեհեմեան աստղի լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] Մանուկը։
Տող 26.
== Ս. Ծննդեան այլ արարողութիւններ ==
[[Պատկեր:Antelias - Armeni.jpg|մինի|Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար|ձախից]]
* 6 [[Յունուար]]ին Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագէն ետք կը կատարուի Ջրօրհնէքը, որ կը խորհրդանշէ [[Յորդանան]] գետի Քրիստոսի մկրտութիւնը։ Խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնէ ժողովուրդին՝ իբրեւ բժշկութիւն հոգեւոր եւ մարմնաւոր հիւանդութիւններէ։
[[Պատկեր:Early life of Christ in the Bowyer Bible print 16 of 21. temptation of Jesus by Satan. Rubens.png|մինի|աջից|Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութիւնը]]
 
Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ Տնօրհնէքի արարողութիւնը։ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք, մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրեն իրենց տուները կամ աշխատավայրերը՝ տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով։ Տնօրհնէք կը կատարուի նաեւ, երբ տան մէջ խաղաղութիւնը կը խախտի կամ կը զգացուի գերբնական ուժերու ներկայութիւնը։
* 7 [[Յունուար]]ին, ինչպէս եւ բոլոր տաղավար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է՝ Մեռելոցը։ 7 [[Յունուար]]ին՝ Ս. Պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ'այցելեն հարազատներու շիրիմները։
* Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ'աւարտին 13 [[Յունուար]]ին՝ Տիրոջ Անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] Մանուկի տաճար ընծայելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին։
 
== Ս. Ծննդեան Արարողութիւններու Ժամանակացոյց ==
 
* [[5 Յունուար|5 Յունուար]]ին՝ ժամը 17:30-ին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի ճրագալոյցի տօնական Ս. Պատարագը՝ ազդարարելով Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Այդ օրը երեկոյեան մարդիկ եկեղեցւոյ վառած մոմերը իրենց հետ տուն կը տանին եւ կը սկսին տօնել Ս. Ծնունդը<ref name="տօն">{{cite web | url=http://www.qahana.am/am/holidays | title=Տօներ}}</ref><ref>{{cite web | url=http://www.dasaran.am/apps/wiki/view/id/4134 | title=Սուրբ Ծնունդ}}</ref>։
* [[6 Յունուար|6 Յունուար]]ին՝ ժամը 11:00-ին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Ծննդեան տօնական Ս. Պատարագը։ Ս. Պատարագէն ետք կը կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ներկաներուն<ref name="տօն">{{cite web | url=http://www.qahana.am/am/holidays | title=Տօներ}}</ref>։
* [[7 Յունուար|7 Յունուար]]ին հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է՝ Մեռելոցը։ Այդ օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգը։ Առաւօտեան՝ Ս. Պատարագէն եւ հոգեհանգստեան կարգէն ետք, մարդիկ կ'այցելեն հարազատներու շիրիմները<ref name="տօն">{{cite web | url=http://www.qahana.am/am/holidays | title=Տօներ}}</ref>։
* [[13 Յունուար|13 Յունուար]]ին՝ Տիրոջ Անուանակոչութեան օրն է։ Այդ օրը եւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագը։
* Ս. Ծննդեան տօնի կարեւոր արարողութիւններէն է Տնօրհնէքը։ Տարուան ընթացքին նուազագոյնը երկու անգամ կարեւոր է հոգեւորական մը հրաւիրել՝ Տնօրհնէքի<ref name="տօն">{{cite web | url=http://www.qahana.am/am/holidays | title=Տօներ}}</ref>։
 
Տող 44.
Տօնական սեղանին վրայ պարտադիր [[Ձուկեր (արեւմտահայերէն)|ձուկ]] պէտք է ըլլար` խաշած, տապկուած կամ խմորի մէջ փաթթուած ու եփած:
 
Ս. Ծնունդի կերակուրներուն մէջ մեծ կարեւորութիւն ունէին նաեւ չոր միրգերով եւ [[Ընկոյզ|ընկուզեղէընկուզեղէնով]]նով պատրաստուած կերակուրները, [[Բրինձ (արեւմտահայերէն)|բրինձբրինձով]]ով եւ չամիչով եղինձը: Բրինձը կը խորհրդանշէր մարդկութիւնը, իսկ չամիչները` ընտրեալները` անոնք, զորս Աստուած ընտրեց իր գործը շարունակելու համար:
 
Հայկական Ծնունդի սեղանը կը ճոխանար նաեւ [[Կաղամբ (արեւմտահայերէն)|կաղամբկաղամբով]]ով պատրաստուած տոլմայով, չոր [[Բանջարեղէն|բանջարեղէնբանջարեղէններով]]ներով պատրաստուած ապուրով, որ «մայրամաճաշ» կը կոչուէր, ինչպէս նաեւ այդ օրուան համար խնամուած եւ տօնին նախօրեակին մորթուած խոյի, [[Ոչխար (արեւմտհայերէն)|ոչխարոչխարի]]ի կամ հորթի [[Միս (արեւմտահայերէն)|միսմիսով]]ով<ref>{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/330919 | title=Տօներ – Աւանդութիւններ. Սուրբ Ծնունդ}}</ref>:
 
Ծնունդի ուտելիքներէն ամէնէն տարածուածը «տարի» կոչուած քաղցր գաթան էր, որ կը բաժնուէր 12 մասերու` ըստ տարուան 12 ամիսներուն:
 
Ս. Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն կարմիր [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինիգինին]]ն արտօնուած էր, քանի որ անիկա Քրիստոսի արիւնը կը խորհրդանշէր: Իսկ [[Եւրոպա]]ցիք, յատկապէս [[Ֆրանսա|ֆրանսաֆրանսացիներն]]ցիներն ու [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|իտալացիիտալացիները]]ները Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի սեղաններէն անպակաս կ՛ընեն տաք գինին<ref>{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274253 | title=Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ}}</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==