«Սուրէն Նազարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
"Souren_Nazaryan.jpg" Ֆայլը Ջնջվել է: Վիքիպահեստում՝ Jcb մասնակցի կողմից: Պատճառը սա է՝ per c:Commons:Deletion requests/Files uploaded by Marina Boghigian:
Տող 20.
1940-ին հիմնած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի սկաուտութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի արտօնութեամբ: Մեծ աշխատանք տարած է Հալէպի բոլոր հայ սկաուտական կազմերուն համերաշխ գործակցութեան համար եւ նախաձեռնողներէն մէկը՝ Հալէպի «Միջ-Միութենական Սկաուտական Խորհուրդ»ին:
 
1952 թուին, Սուրիոյ բոլոր մարզական միութիւններն ու սկաուտական խումբերը պետական հրամանագրով, լուծուած յայտարարուեցան: Նոր պայմաններու բերումով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմը անջատ դիմումնագիրով մը 1953-ին մաս կազմեց Սուրիական Սկաուտութեան «Հալէպի 8-րդ միաւոր» անուան տակ: Այդ ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ գրեթէ կազմալոյծ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութիւնը վերականգնելու աշխատանքը: Յաչս պետութեան, ան դարձաւ այս միաւորին պատասխանատուն, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութիւնը անոր շնորհեց մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետի պաշտօն, զոր արժանաւորապէս վարեց մօտ քարորդքառորդ դար, համագործակցութեամբ հաւատաւոր գաղափարակից նուիրեալներու: Հետագային, Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան կողմէ նշանակուեցաւ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ: Երբ Սուրիան եւս ունեցաւ իր Շրջանային Վարչութիւնը, հրաւիրուեցաւ նախ Շրջանային, ապա Շրջանային Ընդհանուր Խմբապետի պաշտօնին:
 
1953-էն մինչեւ 1975, իբրեւ սկաուտութեան ներկայացուցիչ մաս կազմած է ընդհատաբար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւններուն եւ Սկ. Խորհուրդներուն, ապա, 1977-էն մինչեւ 1987 ընտրուած է Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, ստանձնելով ատենադպրութեան պաշտօնը: Այս շրջանին, եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտական Խուրհուրդին կապը: