«Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան (Ռուբինա)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''ՍՍոֆի Արէշեան-Օհանջանեան (Ռուբինա)''' (1881 - 1971)- Յեղափոխական գործիչ եւ հայուհի մը որ կը նո...»: |
No edit summary |
||
Տող 4.
== Կենսագրութիւն ==
Սոֆի Արէշեան, յեղափոխական անունով Ռուբինա, ծնած է [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիսի]] գեղատեսիլ արուարձանին մը մէջ [[1881]]-ին։ Մեծ հայրն ու եղբայրը Ռուսական բանակի բարձրաստիճան սպաներ ըլլալով, Արէշեանները օտար շրջանակներուն հետ շփման մէջ էին եւ ռուսախօս էին։ Մինչեւ 18 տարեկան ան ոչ Հայերէն գրել-կարդալ, ոչ իսկ խօսիլ գիտէր։ [[1900]]-ին Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտեց եւ յաջորդ տարին սկսաւ պաշտօնավարել Բագուի Գոլ Գրեստա Հոբթենթ անունով դպրոցին մէջ։ Ան կը բնակէր քրոջը քով, որուն ճարտարագէտ ամուսինը՝ երկրաչափ Խիզանեան Իւան Պալախանի Ընկերութեան մէջ կ՚աշխատէր։
[[1890]]-ական թուականներուն Բագուն իր յեղափոխական ու ազգային մթնոլորտով խոր տպաւորութիւն գործեց Սոֆի Արէշեանի վրայ։ Յատկապէս իրենց դրացի [[Մարտիրոս Մարգարեան|Մարտիրոս Մարգարեանի]] (Սաֆօ) հետ ունեցած բարեկամութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ գաղափարական հայուհիին համար եւ ան մեծ խանդավառութեամբ հասարակական գործունէութիւն ձեռնարկեց։ Բժիշկ Զաւրիեւի ազգականուհի Տիկին Ամուշկովայի օժանդակութեամբ՝ Իւան Պաթախանի Ընկերութեան բանուորներուն համար գիշերային դասընթացքներ կազմակերպեց եւ Հայերէնի դասաւանդութեան համար հրաւիրեց
Քրիստափոր եւ Սոֆի կը մեկնին [[Պուլկարիա]] որպէսզի ռումբերու գործ սկսին կատարել։ [[20 Մարտ]] [[1905]]-ին Ռուբինա ներկայ էր Վիտոշ լերան լանջին վրայ երբ Քրիստափոր փորձի ժամանակ կը մահանայ։ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափորի]] եւ [[Վռամշապուհ Քենտիրեան|Վռամշապուհ Քենտիրեանի]] թաղումէն ետք, Ռուբինա իր ընկերներուն թելադրանքով երկու ամիս կը մնայ Ժընեւ եւ կը շարունակէ խորհրդակցիլ իր ընկերներուն հետ մահափորձի ծրագրին մասին։ Ան [[Սարգիս Բարսեղեան|Սարգիս Բարսեղեանի]] հետ Վիեննա գնաց եւ այնտեղէն կը մեկնի Պոլիս։ Մահափորձի համար ժողովի ընթացքին, ընկերները կը վկայէն թէ ան բազմաթիւ անգամ ժողովէն կը խնդրէ որ ինքը նստի կառքին մէջ որովհետեւ համոզուած էր թէ Վիտոշի լանջին իր կեանքը խնայուած էր որպէսզի Սուլթանին ահաբեկման ծրագիրը իր լրումին հասցնէր։ Դժբախտաբար, [[21 Յուլիս|21 Յուլիս]] [[1905]]-ի մահափորձը կը ձախողի եւ այդ երկրորդ ծանր հարուածը կ՚ըլլայ 25-ամեայ Ռուբինային համար։ Ջղային տագնապ կ՚ունենայ եւ ժամանակ մը կը մնայ Ժընեւ որպէսզի հանգստանայ։
[[Պատկեր:Krisdapor Mikaelian and Roubina Ohanchanyan.jpg|մինի]]
Տարի մը ետք, ան կը վերադառնայ
[[1908]]-ին Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, [[Էտկար Ակնունի|Էտկար Ակնունիի]] հրաւէրին ընդառաջելով, Ռուբինա եւ [[Սաթենիկ Օհանջանեան]] Պոլիս գացին եւ սկսան գործըլ Բերայի «Աշխատանքի Տուն»-ին համար։ Երբ ալ լուռ առաւ որ Համօ ձերբակալուած է Թիֆլիսի մէջ, որոշեց Կովկաս վերադառնալ թէեւ ինքն ալ կը փնտռուէր ցարական կառավարութեան կողմէ։ Համօ Թիֆլիսէն Նովոչերկասկ փոխադրուեցաւ։ Շատ չանցած հոն փոխադրուեցան նաեւ Հայր Աբրահամ, [[Աւետիս Ահարոնեան]], Յ. Արղութեան, Ա. Գիւլխանդանեան, [[Գարեգին Խաժակ (արեւմտահայերէն)|Գարեգին Խաժակ]], եւ ուրիշներ։ Ռուբինա քաղաքէ-քաղաք հետեւեցաւ բանտարկեալներուն եւ ամէն ձեւով անոնց օժանդակեց, նոյնիսկ յաջողեցաւ բարեակացամ վերաբերում ստեղծել բանտի վարչութեան եւ բանտարկեալներուն միջեւ։ Ան յաճակ կ՚այցելէր բանտարկեալները։ Սակայն կասկածանքի տեղի տալով, իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ։ Ռուբինա եղբայրը՝ Միշա (հետագային Զօրավար Արէշեան) որ մասնակցած էր Ռուս-Ճափոնական պատերազմին, յաջողեցաւ քոյրը ազատել, պայմանաւ որ ան այլեւս Կովկաս, Մոսկուա, եւ Պետերբուրգ ոտք չկոխէր։
Ռուբինա ուզեց բժշկութեան հետեւիլ։ Հակառակ փախստական ըլլալուն եւ կանոնաւոր թուղթեր չունենալուն, բժշկական համալսարանի գլխաւոր դասախօսը իր մասին լսած ըլլալով, որոշեց Ռուբինան ընդունիլ եւ ան յաջողութեամբ աւարտեց իր դասընթացքները։
[[1912]]-ին Ցարական ծերակոյտի ընդհանուր դատախազը իր ամբաստանագրին մէջ Դաշնակցութիւնը «պետութիւն պետութեան մէջ» կոչեց եւ անոր ներկայացուցիչները ծանր պատիժներու ենթարկեց։ Համօ եւ իր ընկերներ՝ Ղազարեանցն ու Մուրատովը չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի վայրը ընտրելու։ Կը խնդրէ որ Սիպերիա տեղափոխուիլ եւ իրեն կը հետեւի Ռուբինա եւ Իրքուցքի մօտ՝ Վոլոչիսկի աքսորի շրջանին է, որ ամուսնացան։
Իրարմէ անբաժան Ռուբինան եւ Համոն աքսորավայրի մէջ կը մատուցէք բժշկական ծառայութիւններ։ Այդ նոյն շրջանը աքսորուած էին նաեւ մեծ թիւով ռուս յեղափոխականներ։ Ռուբինա կը վկայէ որ իր իրենց մէջ էր նաեւ
[[1917]]-ին Օհանջանեանները Թիֆլիս վերադարձան եւ անմինջապէս ձեռնարկեցին ռազմաճակատի հիւանդանոցները երթալ եւ խնամատարութեան գործ տանին։ Անոնք Վանայ ապստամբութեան եւ ռուսական բանակներուն մուտքով նոր ազատագրուած Վասպուրականի հայութեան բժշկութեան կարիքներուն ալ հասան։
[[Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն|Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան]] ծագումի եւ անկումի օրերուն, Ռուբինա իր ամուսինին կողքին էր, անոր վարչապետութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարագրութեան ճանապարհին։ Հայաստանի անկախութեան օրերուն էր, որ ծնաւ անոնց միակ զաւակը՝ Վիգէնը։ Ի վերջոյ Օհանջանները [[Գահիրէ]] կը հաստատուին։
[[1960]]-ական թուականներուն Ռուբինա իր քրոջ, զաւկին, եւ հարսին հետ Գանատայի
== Շքանշաններ ==
[[1968]]-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ [[Խորէն Ա. Կաթողիկոս|Խորէն Ա. Կաթողիկոսը]] Կիլիկիոյ Բարձրագոյն Իշխանուհիի շքանշանով պատուեց Ռուբինա Օհանջանեանը։ Արժանաւոր հայուհին Վեհափառին գովքին պատասխանեց ամենայն համեստութեամբ «Ես ի՞նչ եմ առել որ…»։
Դեկտեմբեր [[1991]]-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ [[Լեւոն Տէր-Պետրոսեան|Լեւոն Տէր Պետրոսեանի]] կողմէ պետական նախարար նշանակուեցաւ։
== Աղբիւրներ ==
|