«Սպանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 67.
[[Ալաններ (արեւմտահայերէն)|Ալաններ]]ը միացան Հաստինկիներու (Hasdingi) հետ եւ հիմնեցին թագաւորութիւն Կալիսիոյ մէջ, նաեւ գրաւելով տիրացան քանի մը մեծ շրջաններուն նոյն տարածաշրջանին մէջ, սակայն ետքը ընդարձակեցին տարածքը դէպի հարաւ՝ մինչեւ Տուէրօ գետը։ Սիլինկիան վանտալները (The Silingi Vandals) գրաւեցին Վանտալուսիան, որ մինչեւ այժմ պահպանուած է այդ անունը ու ներկայիս՝ Անտալուսիան է, սպանիոյ մէջ (bears a form of their name—Vandalusia, modern Andalusia)։ Բիւզանդացիները հիմնեցին Սպանիա նահանգը՝ հարաւը, յոյս ունենալով վերականգնել Հռոմէական իշխանութիւնը Փիրենէեանի մէջ։ Վերջնականապէս, սակայն Սպանիան միաւորուեցաւ Վիսիգոթիք թագաւորութեան (Visigothic Kingdom, արեւմտագոթական) :
 
=== Անտալուսիա ===
[[Պատկեր:Vista de la Alhambra.jpg|մինի||[[Ալհամպրա]] դղեակը [[Կրանատա]]յի մէջ։]]
 
8-րդ դարուն՝ 711-718 թուականներուն, Փիրենեան թերակղզիի համարեայ ամբողջ տարածքը գրաւեցին արաբական զօրքերը, որոնք ներխուժեցին հիւսիսային [[Ափրիկէ]]էն։ Այս նուաճումները արաբական [[Խալիֆայութիւն|Խալիֆաթ]]ի կայսրութեան ստեղծման մաս մըն էր։ Միայն փոքր երկրամաս մը հիւսիս-արեւմտեան լեռներուն կարողացաւ դիմակայել արաբական առաջին արշաւանքին։
 
Իսլամական տիրապետութեան ներքոյ քրիստոնեաներուն եւ հրեաներուն կու տային տհիմմի A dhimmī (Arabic: ذمي‎ ḏimmī, IPA: [ˈðɪmmiː], collectively أهل الذمة) կարգավիճակ։ Այս կարգավիճակը թոյլ կու տար դաւանել իրենց հաւատքը, սակայն անոնք պէտք է վճարէին աւելի մեծ հարկեր եւ անոնց հանդէպ կը կիրառուէին որոշ խտրականութիւններ<ref>Dhimma provides rights of residence in return for taxes. H. Patrick Glenn, ''Legal Traditions of the World''. Oxford University Press, 2007, pg. 218–219.</ref><ref>Dhimmi have fewer legal and social rights than Muslims, but more rights than other non-Muslims.Lewis, Bernard, The Jews of Islam. Princeton: Princeton University Press (1984). ISBN 978-0-691-00807-3 p. 62{{ref-en}}</ref>։
 
[[Իսլամ (արեւմտահայերէն)|Իսլամ]]ի տարածումը [[Թերակղզի (արեւմտահայերէն)|թերակղզ]]իին մէջ հետզհետէ աւելի կը զարգանար։ Մուալիտները (Փիրենեան թերակղզի ցեղային մուսուլմանները) կը հանդիսանան հիմնականօրէն Ալ-Անտալուսի 10-րդ դարու բնակչութեան ժառանգները<ref>[http://libro.uca.edu/ics/ics5.htm Islamic and Christian Spain in the Early Middle Ages. Chapter 5: Ethnic Relations], Thomas F. Glick</ref><ref name="chap2">{{cite web |last=Payne |first=Stanley G. | title = A History of Spain and Portugal; Ch. 2 Al-Andalus |publisher=The Library of Iberian Resources Online |year=1973 |url=http://libro.uca.edu/payne1/spainport1.htm |accessdate=2008 թ․ օգոստոսի 9}}{{ref-en}}</ref>։
 
[[Պատկեր:La Giralda, Seville, Spain - Sep 2009.jpg|մինի|ձախէն|upright||Լա Ճիրալտա, Սեւիլիայի տաճարի զանգագատունը]]
Մուսուլմանական համայնքը Փիրենիայի մէջ շատ բազմազան եւ ընկերային ընդվզումներու պատճառ էր։ Պէրպէր (Քապիլ ցեղը) ժողովուրդը հիւսիսային [[Ափրիկէ]]էն, որոնք կը տրամադրէին արաբներուն մեծ քանակութեամբ զօրքեր նուաճումներու համար, ապստամբեց։ Պէրպէրները շուտով ազատագրեցին հիւսիսային որոշ տարածքներ՝ գահընկեց ընելով արաբ ղեկավարները։ Ժամանակի ընթացքին մաւրիտանացիները բնակութիւն հաստատեցին հիմնականօրէն Կուատալքիվիր գետի ափերուն, Վալենսիա մարզի ափամերձ շրջաններուն մէջ, Էպրօ գետի հովիտին եւ (մինչեւ ժամանակաշրջանի վերջերը) [[Կրանատա]]յի լեռնային տարածքներուն մէջ։
 
Քորդովան՝ (անգլ.՝ Córdoba), (قرطبة) խալիֆաթի մայրաքաղաքը, կը հանդիսանար ամենամեծ, ամենահարուստ եւ ամենազարգացած քաղաքը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ [[Միջերկրական Ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրական ծով]]ուն առեւտուրը կը բարգաւաճէր։ Մուսուլմանները կը ներմուծէին հարուստ մտաւորական եւ խելացի աւանդոյթներ Մերձաւոր արեւելքէն եւ հիւսիսային Ափրիկէէն։ Մուսուլման եւ հրեայ մտաւորականները մեծ դեր խաղցան Արեւմտեան Եւրոպայի հին մշակոյթի վերածնունդի գործընթացին։ Հին մշակոյթը միաձուլուեցաւ մուսուլմանական մշակոյթին հետ եւ տարածաշրջանին տուաւ իւրայատուկ մշակոյթի ոճ։ Քաղաքներէն դուրս, ուր կ՝ապրէր բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, կը գործէր Հռոմէական ժամանակներէն եկած հողի սեփականութեան ձեւը, քանի որ մուսուլման առաջնորդները հազուադէպ կը վտարէին հողատէրերը, եւ նոր մշակելի բոյսերու եւ արուեստագիտութեան ներդրումը առիթ հանդիսացաւ գիւղատնտեսութեան լայնածաւալ զարգացման։
 
11-րդ դարուն մուսուլմանական տիրապետութիւնը վտանգի տակ էր, քանի որ կը զարգանար Թայֆա թագաւորութիւնը, որ կը հրահրէր փոքր [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] երկիրներուն ընդլայնել իրենց տարածքները։ Հիւսիսային Ափրիկէէն ժամանած մուսուլմանական համայնքները, ինչպէս էին Ալմորատիւները եւ Ալմոհատները վերականգնեցին [[Իշխանութիւն|իշխանութիւն]]ը մուսուլմանական տարածքներուն մէջ եւ առաւել մեծ ուժով իրականացուցին Իսլամի տարածումը։ Վերականգնուած իսլամական իշխանութիւնը յաջողութեամբ գոյատեւեց մօտ մէկ դարէ աւելի։
 
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սպանիա» էջէն