«Սպանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
'''Սպանիա''' ([[սպաներէն]]՝ España), պաշտօնական անուանումը՝ «Սպանիոյ թագաւորութիւն» (սպաներէն՝ [[Reino de España]]), պետութիւն Եւրոպայի հարաւ-արեւմտուտքին։ Կը զբաղեցնէ Բիրենեան թերակղզիի հիմնական տարածքը, Միջերկրական ծովու մէջ գտնուող Պալիարեան, Պիթիուսեան եւ Ատլանտեան ովկիանոսի մէջ գտնուող [[Քանարեան կղզիներ]]ը։ Արեւմտքէն սահմանակից է [[Փորթուկալ]]ին, հիւսիսէն՝ [[Ֆրանսա]]յին եւ Անտորրային, հարաւէն՝ Ճիպրալթարին։ Ըստ պետական կառավարման՝ սահմանադրական միապետութիւն է։ Հիւսիսէն եւ արեւմտքէն Սպանիոյ ափերը կը ողողեն Ատլանտեան ովկիանոսի ջուրերը, իսկ հարաւէն եւ արեւելքէն՝ միջերկրածովեան ջուրերով։
 
Պաշտօնական լեզուներն են՝ սպաներէնը (ամբողջ տարածքի մէջ), կաթալոներէնը, պասկերէնը, կալիցիերէն եւ արակոներէնը։ Սպանիոյ բնակչութիւնը 46 030109 մարդ է, ըստ [[2010]]–ի2010–ի մարդահամարի տուեալներուն։ Մայրաքաղաքը [[Մատրիտ]]ն է։ Մեծագոյն քաղաքներն են՝ Մատրիտը, [[Պարսելոնա]]ն, [[Վալենսիա]]ն, [[Սեւիլիա]]ն, [[Սարակոսա]]ն եւ [[Մալակա]]ն։
 
== Անուանում ==
Տող 41.
 
== Պատմութիւն ==
Այժմու Սպանիոյ ամենահին ճանչցուած ազգերը եղած են [[Կելտեր]]ը եւ [[իպերներ]]ը։ Հռոմէական կայսրութեան կողմէ` [[Բիրենէյեան թերակղզի]]ի մեծ դժուարութեամբ գրաւումէն յետոյ անիկա դարձաւ կայսրութեան շրջան եւ անուանուեցաւ [[Հիսպանիա]]: Վաղ միջնադարուն անիկա կը գտնուէր [[գերմանական ցեղեր]]ու, յատկապէս վեստգոթերու հպատակութեան տակ, սակայն յետոյ զայն գրաւեցին [[իսլամ]]ները։ Երկարատեւ եւ դժուար պայքարի արդիւնքին մէջ քրիստոնէական թագաւորութիւնը, որ կը գտնուէր թերակղզիի հիւսիսը, երկրէն դուրս մղեց իսլամները, որոնց վերջին մնացորդները քշուեցան [[1492]]-ին [[Կրանատա]]յէն, այդ ժամանակ [[Քրիստափոր Գոլումպոս]]ը յայտնաբերեց [[Ամերիկա]]ն։ Թագաւորութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ դարձաւ [[Եւրոպա]]յի ամենահզօր թագաւորութիւնը 16-րդ դարուն եւ 17-րդ դարու սկզբներուն։
 
Շարունակական պատերազմները եւ այլ խնդիրները պատճառ դարձան թագաւորութեան տկարացման։ 19-րդ դարու սիկզբին [[Ֆրանսա]]յի ներխուժում Սպանիա քաոսի մէջ դրաւ վերջինիս, անկախութեան համար մղուող պայքարը քայքայեց թագաւորութեան մեծ մասը եւ երկիրը դրաւ քաղաքականապէս անկայուն վիճակի մէջ։ 20-րդ դարուն երկիրը տուժեց քաղաքացիական կործանարար պատերազմի պատճառով, եւ իշխանութեան եկաւ մենատիրական կառավարութիւնը, սակայն անիկա աւարտեցաւ տպաւորիչ տնտեսական աճով։ Ժողովրդավարութիւնը վերականգնուեցաւ [[1978]] թուականին խորհրդարանական սահմանադրական իշխանութեան տեսքով։ [[1986]] թուականին Սպանիան միացաւ Եւրոմիութեան, վերականգնեց մշակոյթը եւ ունեցաւ կայուն տնտեսական աճ։
 
=== Նախապատմութիւն եւ նախահռոմէական ժողովուրդ===
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սպանիա» էջէն