«Սպիտակ Տուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
No edit summary |
||
Տող 2.
{{Արևելահայերեն|Սպիտակ տուն}}
'''Սպիտակ Տուն''', [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]] նախագահի պաշտօնական նստավայրը, բնակավայրը՝ տեղակայուած ԱՄՆ-ի մէջ՝ Փենսիլվէնիա պողոտայ 1600, [[Ուաշինկթըն]] նահանգին
== Սպիտակ Տան Անասունները ==
Թէև Սպիտակ Տան մէջ բնակած անասուններու պատմականը բծախնդրօրէն չէ արձանագրուած, բայց յստակօրէն այնտեղ ապրած են ագարակի անասուններ, որսորդական շուներ, ազնուատոհմ ձիեր ինչպէս նաև նուէր ստացուած այլ անասուններ:
Ամերիկայի նախագահ Ճէյմզ Պիւքէնըն նուէր ստացած էր փիղեր, իսկ նախագահ Մարթըն Քէն Պիւրըն վագրի զոյգ մը ձագեր։
Կը կարծուի, թէ նախագահ Ճոն Քուինսի Ատամզ նուէր ստացած էր կոկորդիլոս մը, զոր ամիսներով պահած էր Սպիտակ Տան սենեակներէն մէկուն մէջ։
Նախագահ Ուտրոու Ուիլսըն ունէր ոչխարներու հօտ մը, իսկ նախագահ Ուիլիըմ Թաֆթ կով մը։
Ամէնէն առանձնաշնորհեալ անասուններէն մին եղած է Ուորըն Հարտինկին շունը, որ իր անձնական աթոռը ունեցած է «Ռուզվէլթի Սենեակ»-ին մէջ և դարձած` առաջին հռչակաւոր պ:ահուած անասունը
Ամերիկայի նախագահ Քէլվին Քուլինճին կինը ունէր Ռէպէքա անունով անձնական raccoon մը:
Մինչ նախագահ Ռուզվէլթի գայլաշունը իր վրայ հաւաքեց լրատուութեան ուշադրութիւնը և քիչ մնաց երբ այցելութեան մը ընթացքին պատռեց ֆրանսայի դեսպանին տաբատը։ Այդ դէպքէն ետք, շունը հեռացուած է պալատէն։ Նախագահ Ռուզուէլթը պահած է 30 անասուններ, ներառեալ իշուկ մը։ Երբ նախագահը մանչը անհանգստացած է, նախագահը հրահանգած է Սպիտակ Տան վերելակով իշուկը փոխադրել մանչուկին ննջասենեակը։
[[Պատկեր:White House north and south sides.jpg|մինի|Սպիտակ տունը]]
|