«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 46.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ստեփան Էքշեան ծնած է 1834-ին Բերա, Հայ Կաթողիկէ ընտանիքի մէջ: Տասներկու տարեկանին հայրը՝ Անտոն, զինք Փարիզ կը ղրկէ , ուր Մուրատեան վարժարանին մէջ ութ տարի կ՛ուսանի: Երբ տուն կը վերադառնայ, արդէն կը նուիրուի բեմին, եւ հետզհետէ յաջողութիւններու կը հասնի:
 
== Թատերական Գործունէութիւն ==
Ստեփան Էքշեանի յաճախած վարժարանին մէջ սովորութիւն էր տօնական եւ հանդիսական առիթներուն վարժարանի սրահին մէջ թատերախաղեր ներկայացնել: Ստեփան բուռն կերպով կը մասնակցէր այս թատերախաղերուն, եւ աշակերտներէն ամէնէն խանդավառն էր, եւ հետզհետէ աւելի եւս կը նուիրուի բեմին:
 
Պոլիս վերադառնալէ ետք Օսմանեան կայսրութեան մէջ թարգմանիչի պաշտօն կը վարէ: Միաժամանակ, Միջագիւղի մէջ մաս կը կազմէ Մ. Պէշիկթաշլեանի ներկայացումներու խումբին, որոնք Բերայի մէջ ալ ներկայացում մը կը կատարեն: Ան նաեւ կը մասնակցի Խասգիւղի մէջ տեղի ունեցած ներկայացումներուն: Էքշեան մեծ համբաւ կ՛ունենայ Միջագիւղի մէջ:
1856-ին Ս.Հէքիմեանի եւ Մաղաքեանի հետ թատերախումբ մը կը կազմէ, որ նաեւ ներկայացումներ կ՛ունենայ Բերայի Նաումի բեմին վրայ: Այս խումբը ամառնային շրջանը Գատըգիւղի Մէօհրիւտարի զբօսարանին մէջ կ՛անցնէր, ուր առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ Էքշեանի քենին՝ Աղաւնի Խամսեան-Ճէզիրեանը, Ֆաննի կեղծանունով:
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ՝ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը Թէաթրը Ֆրանսի մէջ երկու ներկայացումներ կը կատարէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը», եւ բարձր գնահատանքի կ՛արժանան: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեանը եւ Աղաւնի Գէորգեանը: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին կատարած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ Հայերէն գրաբար լեզուով կը կատարուի:
 
== Աղբիւրներ ==