«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 51.
Ստեփան Էքշեանի յաճախած վարժարանին մէջ սովորութիւն էր տօնական եւ հանդիսական առիթներուն վարժարանի սրահին մէջ թատերախաղեր ներկայացնել: Ստեփան բուռն կերպով կը մասնակցէր այս թատերախաղերուն, եւ աշակերտներէն ամէնէն խանդավառն էր, եւ հետզհետէ աւելի եւս կը նուիրուի բեմին:
 
[[Կ.Պոլիս (Արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] վերադառնալէ ետք [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան կայսրութեան]] մէջ թարգմանիչի պաշտօն կը վարէ: Միաժամանակ, [[Միջագիւղ|Միջագիւղի]] մէջ մաս կը կազմէ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ. Պէշիկթաշլեանի]] ներկայացումներու խումբին, որոնք Բերայի մէջ ալ ներկայացում մը կը կատարեն: Ան նաեւ կը մասնակցի [[Խասգիւղ|Խասգիւղի]] մէջ տեղի ունեցած ներկայացումներուն: Էքշեան մեծ համբաւ կ՛ունենայ Միջագիւղի մէջ:
 
1856-ին [[Սրապիոն Հէքիմեան|Ս.Հէքիմեանի]] եւ Մաղաքեանի հետ թատերախումբ մը կը կազմէ, որ նաեւ ներկայացումներ կ՛ունենայ Բերայի [[Նաումի Բեմ|Նաումի բեմին]] վրայ: Այս խումբը ամառնային շրջանը Գատըգիւղի[[Գատըգիւղ]]ի Մէօհրիւտարի զբօսարանին մէջ կ՛անցնէր, ուր առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ Էքշեանի քենին՝ Աղաւնի Խամսեան-Ճէզիրեանը, Ֆաննի կեղծանունով:
 
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ՝ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը [[Թէաթրը Ֆրանս|Թէաթրը Ֆրանսի]] մէջ երկու ներկայացումներ կը կատարէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը», եւ բարձր գնահատանքի կ՛արժանան: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեանը եւ [[Աղաւնի Գէորգեան|Աղաւնի Գէորգեանը]]: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին կատարած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ [[Հայերէն]] [[Գրաբար (Արեւմտահայերէն)|գրաբար]] լեզուով կը կատարուի:
 
== Աղբիւրներ ==