«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 57.
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը [[Թէաթրը Ֆրանս|Թէաթրը Ֆրանսի]] մէջ երկու ներկայացում կը բեմականացնէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը»։ Երկու ներկայացումները կ՛արժանանան բարձր գնահատանքի: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեան եւ [[Աղաւնի Գէորգեան]]: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին բեմադրած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ կը կատարուի [[Հայերէն]] [[Գրաբար (Արեւմտահայերէն)|գրաբար]] լեզուով:
 
[[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ թատերական լաւագոյն դերասանները թատերական խումբ մը կը կազմեն, որուն մէջ գլխաւոր դերասաններէն մէկը կ՛ըլլայ Էքշեան:
 
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց [[Արեւելեան Թատրոն|Արեւելեան թատրոնին]] մէջ: Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր: Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
 
== Աղբիւրներ ==