«Սրբուհի Տիւսաբ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
Ծնած է Պոլիս, Կաթողիկէ բարեկեցիկ Վահանեան ընտանիքին մէջ։ Ստացած է օտար կրթութիւն, բայց Զարթօնքի մթնոլորտը, քիչ-քիչ տարածուած՝ կաբոդիկէ համայնքին վրայ, զինք կը մղեն մօտենալու մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին։ Ուսուցիչ կ՚ունենայ գրագէտ եւ ագգային գործիչ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան]]ը։ Աւելի ուշ, պոլսաբնակ ֆրանսացի երաժշաագէտ Փ. Տիւսաբի հետ ամուսնանալէ եւ նուիրեալ մայր ըլլալէ ետք եւս, տաղանդաւոր այս կինը կր շարունակէ գրական-մշակութային իր դերը հայ իրականաթեան մէջ։ Յատկապէս, կը հրատարակէ յաջորդական վէպեր, որոնց գլխաւոր հերոսները կիներ են, եւ որոնց տիրող գաղափարները կը վերաբերին կնոջ ազատագրման եւ իրաւահաւասարութեան՝ արական սեռին հետ։ Անոնք առիթ եղած են բանավէճի. որոշ գրագէտներ պաշտպանած են իր դրոյթները, ուրիշներ՝ վարձած են այս կամ այն ձեւով ու չափով զանոնք հերքել։ Յամենայն դէպս, Ս. Տիւսաբ որոշ հմայք եւ ագդեցութիւն գործած է իրեն անմիջապէս հետևող սերունդին վրայ մանաւանդ կին գրողներու։ Ան ունեցած է դեռ հրապարակագրական գործունէութխն։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ՝ Մ. Պէշիկթաշլեանի յիշատակին նուիրուած քերթուածը (Սրբուհիի եւ Պէշիկթաշլեանի կապին մասին)՝ (■* Գ. գիրք, էյ 239էն)։
ԳործերԷն՝
*«Մայտա» [[1883]]
*«Սիրանուշ» [[1884]]
*«Արաքսիա կամ Վարժուհին» [[1887]]