«Վահան Թոթովենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 30.
[[Ժդ.դար]]ու վերջը Խարբերդ կ'ապրի տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ զարգացման փուլ մը։ Այդ շրջանին գաւառին մէջ կը գործէր «Եփրատ» քոլէճը իր բարձրագոյն վարժարաններով, իսկ Մեզրէի մէջ՝ «Ազգային Կեդրոնական» վարժարանը։ [[Պսակ վարդապետ]]ի, [[Երուխան (արեւմտահայերէն)|Երուխան]]ի, [[Սիմոն Յակոբեան]]ի, [[Ռուբէն Զարդարեան]]ի եւ այլոց անձնուէր ջանքերով անիկա դարձած է հռչակաւոր կրթութեան օճախ, ուր ընդունուած էր Վահան [[1897]]-ին։
 
[[Պատկեր:House in Yerevan.JPG|thumb|1934-1936 թթ.թուականներուն Թոթովենց ապրած է այս տան մէջ։]]
Վարժարանին մէջ Թոթովենց առաւելապէս նուիրուած էր հայերէնի ուսուցման եւ կը գրէր բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնէին դպրոցին ձեռագիր պարբերաթերթին մէջ՝ մօրենական Գույումճեան մականունով։ Վահան իր ուսուցման վերջին տարուան ընթացքին յաճախ կ'այցելէր Խարբերդ քաղաքին մէջ գտնուող [[Թլկատինցի]]ի «Կարմիր դպրոց» անհատական վարժարանը, ուր կը ստանար գրական ուղղութիւն։ Այս տարիքին Թոթովենց խորապէս տարուած էր [[Պետրոս Դուրեան]]ի ու [[Միսաք Մեծարենց]]ի գործերով, որոնք ներշնչման աղբիւր եղած էին գրելու անոր առաջին բանաստեղծական թոթովանքները։