«Վահան Թոթովենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 30.
}}
'''Վահան Թոթովենց''' ([[1 Սեպտեմբեր]] [[1889]], [[Խարբերդ]] - [[18 Յուլիս]] [[1938]]), հայ դասական գրող, արձակագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ:
[[Արեւմտեան Հայաստան]]ի Խարբերդ քաղաքը ծնած, [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]ուն մէջ ուսանած եւ [[խորհրդային Հայաստան (արեւմտահայերէն)|խորհրդային Հայաստան]]ի մէջ հաստատուած՝հաստատուած Թոթովենց այն հազուագիւտ հայ գրողներէն է, որու ստեղծագործութիւններուն մէջ համադրուած են արեւմտահայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդահայ գրականութեան տարրերը։ Բազմաթիւ այլ մտաւորականներու բախտակից Թոթովենց 1938-ին [[ստալին (արեւմտահայերէն)|ստալին]]եան մաքրագործումներու զոհերէն է։
 
== Կենսագրութիւն ==
 
Ծնած է Բալու գաւառակի, [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ]]ի ափին գտնուող Դաւթիկ գիւղը՝ [[Խարբերդ]]: Վահանի հայրը Ակնի մեծահարուստ Թոթովայենց գերդաստանէն էր, որոնք Ժը. դարուն ուրիշ հայ վերապրող ընտանիքներու հետ տեղափոխուած էին Մեզրէ։
Թոթովենցի ընտանիքը ունեցած է երկյարկանի տուն մը Մեզրէէն Խարբերդ տանող մայրուղիին վրայ, որ նշանաւոր էր որպէս հեռու երկիրներէն եկող-անցնող քարաւաններու միակ անցուղին ու իջեւանատեղին։ Հետագային Թոթովենց այս մայրուղին նշած է իբրեւ «Հին հռոմէական ճանապարհ»։ Քաղաքի Կեդրոնական վարժարանին մէջ աշակերտած է [[Ռուբէն Զարդարեան]]ի։ Տակաւին պատանի՝ [[1908]]-ին, կ'երթայ [[Պոլիս]], յետոյ կ'անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ([[Նիւ Եորք]]), ուր կը ստանայ համալսարանական ուսում։
 
[[1915]]-ին կամաւորագրուելով կը մեկնի [[Անդրկովկաս]]՝ պատերազմի։ Մասնակցած է կամաւորական շարժումին, կռուածԿռուած է Վանի եւ Էրզրումի մէջ։ Ան զօրավար Անդրանիկի մտերիմներէն էր, անոր թիկնապահ-թարգմանիչը<ref>[http://www.ysu.am/persons/hy/Vahan-Totovenc Վահան Թոթովենց]</ref>:
Յովհաննէս Թումանեանի հետ հասարակական լայն գործունէութիւն տարած է, օգնած՝ գաղթականներուն։
 
Տող 44.
 
[[1920 Մայիս]]ին Թոթովենց Կովկասէն կը մեկնի Կ. Պոլիս։
Իր ինքնակենսագրականին մէջ Թոթովենց գրած է. «Ապրեցի այնտեղ ընդամէնը մի քանի ամիս ևեւ ճանապարհ ընկայ դէպի Հարաւային Եւրոպայի կախարդական ափերը, Արշիպելագոսի կղզիներ»։
 
[[1922]]-ին Պոլիս է, ուր կը հրատարակէ «Փոթորիկին մէջ» վէպը։ Պոլիսէն կը վերադառնայ եւ կը հաստատուի [[Հայաստան]]։ Հոն կը զբաղի առաւելաբար գրականութեամբ։ Կը գրէ պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր՝ մեծ մասը կէս ինքնակենսագրական բնոյթի։ Գրած է նաեւ թատերգութիւններ, ըրած է թարգմանութիւններ։1922թարգմանութիւններ։ 1922-ին վերադարձած է հայրենիք եւ նուիրուած խորհրդահայ մշակոյթին: Խմբագրած է «Շեշտ» երգիծական պարբերականը (1923):
 
[[1925]]-էն [[1932]], [[Երեւան]]ի համալսարանէն ներս դասախօս՝ [[անգլերէն]] լեզուի եւ օտար գրականութիւններու։
Տող 56.
 
== Կրթութիւն ==
[[Ժդ.դար]]ու վերջը Խարբերդ կ'ապրի տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ զարգացման փուլ մը։ Այդ շրջանին գաւառին մէջ կը գործէր «Եփրատ» քոլէճը իր բարձրագոյն վարժարաններով, իսկ Մեզրէի մէջ՝ «Ազգային Կեդրոնական» վարժարանը։ [[Պսակ վարդապետ]]ի, [[Երուխան (արեւմտահայերէն)|Երուխան]]ի, [[Սիմոն Յակոբեան]]ի, [[Ռուբէն Զարդարեան]]ի եւ այլոց անձնուէր ջանքերով անիկա դարձած է հռչակաւոր կրթութեան օճախ, ուր ընդունուած էր ՎահանԹոթովենց [[1897]]-ին։
 
[[Պատկեր:House in Yerevan.JPG|thumb|1934-1936 թուականներուն Թոթովենց ապրած է այս տան մէջ։]]
Վարժարանին մէջ Թոթովենցան առաւելապէս նուիրուած էր հայերէնի ուսուցման եւ կը գրէր բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնէին դպրոցին ձեռագիր պարբերաթերթին մէջ՝ մօրենական Գույումճեան մականունով։ Վահան իր ուսուցման վերջին տարուան ընթացքին յաճախ կ'այցելէր Խարբերդ քաղաքին մէջ գտնուող [[Թլկատինցի]]ի «Կարմիր դպրոց» անհատական վարժարանը, ուր կը ստանար գրական ուղղութիւն։ Այս տարիքին Թոթովենց խորապէս տարուած էր [[Պետրոս Դուրեան]]ի ու [[Միսաք Մեծարենց]]ի գործերով, որոնք ներշնչման աղբիւր եղած էին գրելու անոր առաջին բանաստեղծական թոթովանքները։
 
Իր ստացած գիտելիքներով, ան կրցած է դառնալ յայտնի գրող եւ վիպագիր: