«Վանական Վարդապետ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Հետ է շրջվում 477393 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ Takouhi (քննարկում)
Տող 7.
Իր անունը վիճելի կը մնայ: Ըստ ոմանց անիկա պարզապէս կը կոչուէր վանական վարդապետ, իսկ ըստ այլոց` Յովհաննէս Վանական վարդապետ:Ծնած է 1181-ին Աղուանից երկրի Տաւրուշ գաւառին մէջ, որուն համար կոչուած է Տաւրուշեցի: Նախ կ'աշակերտէ իր Պողոս եղբօր եւ ապա Մխիթար Գօշի՝ գետիք վանքին մէջ, ուրկէ կը ստանայ վարդապետական գաւազան:Վանական վարդապետ յայտնի է իբրեւ շինարար, ներհուն ուսուցիչ եւ ուսեալ սերունդ պատրաստող անձնաւորութիւն մը: Անիկա իր հայրենի գաւառին Տաւրուշի մէջ հիմնադիրը կ'ըլլայ ԽՈՐԱՆԱՇԱՏ վանքին, ուր սեփական մեծ դպրոց մը կը հիմնէ եւ իբրեւ մեծ ուսուցիչ կը հասցնէ աշակերտներ, որոնց մէջ նշանաւոր են Կիրակոս Գանձակեցի, Վարդան Պատմիչ, եւ Մաղաքիա Աբեղա պատմիչները: Խորանաշատի վանքը 1125-ին կ'աւերուի Խորազմներու Շահ Չալալէտտինի կողմէ, ապա` 1236-ին թաթարական արշաւանքներու հետեւանքով: Վանական վարդապետ նոյն թուին թաթարներու ձեռքը գերի կ'իյնայ իր աշակերտ Գանձակեցիի հետ: Ինքը կ'ազատի եւ կ'անցնի Տփղիս 1236-ին: Կը վերադառնայ եւ կը նորոգէ Խորանաշատի վանքը միշտ շարունակելով իր ուսուցչապետական գործը:Իր մահը տեղի կ'ունենայ 1251-ին, 70ամեայ հասակին մէջ:
 
== Գործերը ==<br />
 
Թէպէտ Վանական վարդապետ զբաղած է ուսուցչական եւ գրողներ պատրաստելու գործով, նաեւ ատեն ունեցած է գրելու գործեր, որոնք եթէ իր ուսուցչութեան չափ կարեւոր չեն, այնուամենայնի արժանի են յիշատակուելու: Ձեռագրած մատենադարաններէն յատկապէս Երեւանի՝ հետզհետէ երեւան կ'ելլեն իր անունով մանր գործեր, որոնց ամբողջական ցուցակը տեսնել Աճառեանի անձնանուններու բառարանի մէջ, (Գ. հատոր էջ 588-589): Դժբախտաբար ցարդ չէ գտնուած իր մէկ կարեւոր գործը, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԹԱԹԱՐԱԾ որ կորսուած է եւ որ յատուկ կերպով կը յիշուի Կիրակոս Գանձակեցիի կողմէ: Մեզի հասած յիշատակելի գործերը հետեւեալներն են:-<br />