«Վանի Թագաւորութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
վիքիֆիկացում, կետադրական, փոխարինվեց: → (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 15.
Նշուած չորս աղբիւրներէn մենք կը տեղեկանանք, որ «Ուրարտու»-ն, «Արարատի երկիր»-ը եւ «Հայաստան»-ը միեւնոյն երկրի տարբեր անուններ են<ref name="Ռաֆայէլ Իշխանեան"/>։
Ըսուածը կը հիմնաւորուէ նաեւ մէկ այլ ուսումնասիրութիւն։ Ք.Ա. 6-րդ դարուն [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]ի մէջ հիմնուեցաւ[[Աքեմենեաններ|Աքեմենեաններու թագաւորութիւն]]ը։ Այդ թագաւորները մի քանի հարիւր տարի արձանագրութիւններ կը գրէին։ Անոնց արձանագրութիւնները երեք լեզուով գրուածն են՝ հին պարսկերէն, աքքադերէն (պապելական տարբերակով), էլամերէն ''(Էլամը Պարսկաստանի հարաւը գտնուող հին երկիր էր)''։ Հին պարսիկները Հայքն կ՛անուանուէին «Արմինա»։ Պարսից Աքեմենեան թագաւորներու բազմաթիւ արձանագրութիւններուն մէջ Հայաստանը յաճախակի յիշատակուած է «Արմինա» անունով։ Անոնց արձանագրութիւններու աքքադական մասին մէջ «Արմինա»-ի փոխարէն բոլոր տեղերը գրուած է «Ուրաշտու»։ Աքքադերէնի ասուրական տարբերակի «Ուրարտու»-ն պապելական տարբերակին մէջ «Ուրաշտու» ձեւն ունի, քանի որ ասուրականի «ր» հնչիւնի դիմաց պապելականը «շ» ունէր։ Այսպիսով, հին պարսկերենով գրուած «Արմինա»-ի դիմաց աքքադերէնն ամէն տեղ այն կը ներկայացնէ «Ուրարտու» («Ուրաշտու»)<ref name="Ռաֆայէլ Իշխանեան"/>։
 
Վերը նշուած արձանագրութիւններէն ամենամեծը գրել տուած է պարսից [[Դարեհ I]] թագաւորը։ Այն փորագրուած է [[Իրան (արեւմտահայերէն)|Իրան]]ի [[Քիրմանշահ (արեւմտահայերէն)|Քիրմանշահ]] քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող [[Բեհիսթուն]] գիւղի մօտիկ բարձր ժայռին։ Դարեհ I-ը շատ անգամ յիշատակած է Հայաստանը եւ այստեղ ալ հին պարսկերէնի մէջ այն միշտ կոչուած է «Արմինա», իսկ աքքադականի մէջ՝ «Ուրարտու» («Ուրաշտու»)։ Այդ արձանագրութեան մէջ կայ հետեւեալ նախադասութիւնը. ''«Խօսում է Դարեհ թագաւորը. մի պարսիկի, անունը Վաումիսա՝ իմ ծառային, ուղարկեցի Հայաստան»''։ Հին պարսկերէն նախադասութեան մէջ գրուած է ''«ուղարկեցի Արմինա»'', իսկ աքքադերէն միեւնոյն նախադասութեան մէջ՝ ''«ուղարկեցի Ուրաշտու»''։ Այս հանգամանքը եւս կ՛ապացուցանէ, որ Հայաստան եւ Ուրարտու-Ուրաշտու անուանումները նոյնական են եւ կը վերաբերին մէկ երկրի<ref name="Ռաֆայէլ Իշխանեան"/>։
 
{| style="border: 1px black solid; margin-center:1em; text-align: left;" align="right" width="100"
Տող 28.
|colspan="2" align="small" |<small>ձախից աջ՝ 1. Բեհիսթունի արձանագրութեան հատուած, 2. գծապատկեր։</small>
|}
Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ կը խօսուի նաեւ հայերու մասին։ Հին պարսկերէն նախադասութիւններուն մէջ հայը կը կոչումի «արմինիյա», իսկ աքքադերէն նոյն նախադասութւններու մէջ՝ «ուրարտայա» («ուրաշտայա»)։ Արձաանագրութեան մէջ առկայ է հետեւեալ նախադասութիւնը՝ ''«մի հայ անունը Արաքա»'', որ հին պարսկերէն մասում ունի հետեւեալ տեսքը՝ ''«Արաքա նամա արմինիյա»'', իսկ աքքադականի մէջ՝ ''«Արախա շուումշու ուրաշտայա»''։ Այստեղէն ալ պարզ կը դառնայ, որ հին պարսիկները հայերուն անուանած են արմինիյա, իսկ աքքադացիները՝ ուրարտայա (կամ ուրաշտայա)։ Այսինքն՝ ինչպէս մեր օրերուն հայերուն տարբեր ժողովուրդներ կը կոչեն արմին, արմէն, արման անուան ձեւերէն մէկով, վրացիները՝ սոմեխի ձեւևով, այնպէս ալ Ք.Ա. առաջին հազարամեակին հայերուն անուանած են նաեւ ուրարտայա (ուրարտացի)<ref name="Ռաֆայէլ Իշխանեան"/>։
 
=== ԽՍՀՄ գիտական դպրոցի տեսակետներ ===
Տող 34.
=== Թուրքական վարկած ===
 
Թուրքական կառավարութեան կողմէ հովանաուորուող թուրք գաղափարախօս Ահմետ Վեֆան իր «Ճշմարտութիւնը հայերու մասին» աշխատութեան մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ Վանի թագաւորութեան թեմային՝ հայերուն մեղադրելով «ուրարտացիներու ցեղասպանութեան» մէջ։ Ան, մասնաւորապէս, կ՛ակնարկէր, որ [[Ադոլֆ Հիտլեր]]ը 1939 թ.-ին, խօսելով հայերու կոտորածներու մասին, որպէս թէ նկատի ունեցած է ո՛չ թէ թուրքերու կողմէ հայերուն սպաննելու փաստը, այլ հայերու կողմէ «ուրարտացիներուն ցեղասպանութեան» ենթարկելը։ Ա.Վեֆան իր հրապարակումով կը փորձէր արդարացնել թուրքերու կողմէ կատարուած [[Հայոց Ցեղասպանութիւն]]ը՝ որպէս ցեղասպանութիւն «Ցեղասպանութեան» դիմաց իմաստով։ Հատկանշական է նաեւ, որ այդ աշխատուիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ տարածուած է աշխարհի բազմաթիւ երկրներու մէջ<ref>[http://armenianhouse.org/kirakosyan/youngturks-ru/chapter10.html Джона Киракосяна “Младотурки перед судом истории”. Ереван, Издательство “Айастан”, 1986г.]</ref>։
Յաճախ թուրք-ատպէյճանական քարոզչական գրականութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ այն միտքին, թէ՝ հայերը կը ցանկան Վանի թագաւորութիւնը դարձնել հայկական՝ մեղադրելով հայերուն ո՛չ միայն մարդկային, այլեւ՝ մշակութային ցեղասպանութեան մէջ<ref>Гурам Мархулиа, Шабанам Нуриева. «Многострадальная Армения»: мифы и реальность. Баку – 2011</ref>։