«Վանի հերոսամարտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ նոր թարգմանություն, փոխարինվեց: : → ։ (3)
Տող 2.
'''Վանի հերոսամարտ''', [[Մեծ Եղեռն]]ի օրերուն, ժամանակագրական կարգով, առաջին անգամ [[Վան]]ի հայութիւնը դիմեց ինքնապաշտպանութեան։
 
[[1915]] [[Ապրի]]լի առաջին օրերուն շրջակայ գաւառներուն մէջ կոտորածներ, իսկ [[Շատախ]]ի մէջ բախումներ ծայր առած էին:էին։ Վան լեցուած էր գաղթակններով:գաղթակններով։
 
Վանի կուսակալ Ճեւտէթ առաջին հերթին [[Ապրի]]լի առաջին օրերուն կազմակերպեց Վանի հայութեան գլխաւոր ղեկավարներ Վռամեանի եւ Իշխանի դաւադրական սպանութիւնը, ապա [[Էրզրում]]էն օգնական ուժեր ստանալով պաշարեց Այգեստանը, ուր կեդրոնացած էր հայութեան մեծամասնութիւնը։ [[Ապրիլ 6]]-ին արդէն Այգեստանի եւ քաղաքամէջի միջեւ կապը խզուած էր։
Տող 8.
Այս պայմաններուն տակ, [[Արամ Մանուկեան]]ի գլխաւորութեամբ, Վանի ղեկավարները [[Ապրիլ 5]]-ին ձեռնարկեցին ինքնապաշտպանութեան գործնական աշխատանքներուն. կազմուեցաւ Զինուորական մարմին մը, որ պատրաստեց ինքնապաշտպանութեան ծրագիրը։ [[Ապրիլ 7]]-ի արեւածագին հայկական դիրքերը պատրաստ վիճակի մէջ էին, երբ թուրք զինուորներ առեւանգեցին [[Շուշանց գիւղ]]էն Այգեստան մտնող խումբ մը հայ կիներ, ասոր յաջորդեցին կրակոցները։ Քանի մը վայրկեան ետք Վանը պաշարող թուրք զինուորները ընդհանուր յարձակման անցան։ Այգեստան սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ զգալիօրէն աւերուեցաւ, բայց հայ կռուողները ոչ միայն մնացին իրենց դիրքերուն վրայ, այլեւ կռուի առաջին օրն իսկ գրաւեցին թրքական հեռագրատունը եւ պաշարեցին հայկական թաղերու կեդրոնը գտնուող Համմուտ աղայի զօրանոցը, զոր հրդեհեցին քանի մը օր ետք։
 
Այգեստանի վրայ յարձակման հետ միաժամանակ քաղաքամէջին ալ սկսաւ կռիւը:կռիւը։ Հոն եւս կազմուեցաւ Զինուորական մարմին, իսկ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման կեդրոնը դարձաւ հայոց առաջնորդարանը։ [[Ապրիլ 28]]-ին սաստիկ ռմբակոծումները քանդեցին հայկական դիրքերու պատնէշները. տեղի ունեցան բուռն կռիւներ, ինկան մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ։ Յաջորդող օրերուն թրքական յարձակողականի թափը կասեցաւ, որովհետեւ երբ թուրքերը իմացան, որ ռուսական յառաջապահ զօրամասերը եւ հայ կամաւորական գունդերը մօտեցած են Վանին, սկսան փախուստի դիմել։ [[Մայիս 3]]-ին հայերը գրաւեցին Թոփրագ Գալէի զօրանոցը եւ հրդեհեցին Հաճի Պեքիրի զօրանոցը։
 
[[Մայիս 6]]-ին հայ կամաւորական գունդերը եւ ռուսական զօրքերը մտան Վան. թուրքերը արդէն խուճապահար փախուստի դիմած էին։ [[Մայիս 7-]]ին Վանի հերոսամարտի ղեկավար Արամ Մանուկեանը նշանակուեցաւ Վանի նահանգապետ. Վանի նահանգը կը դառնար ինքնավար շրջան։