«Վասիլ Գօնտա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Վասիլե Կոնտա}}
'''Գօնտա''' կամ '''Գոնտա Վասիլ''' ([[15 Նոյեմբեր]] [[1845 թուական|1845]] - [[21 Ապրիլ]] [[1882 թուական|1882]]), Ռումէն մեծանուն փիլիսոփայ։
 
Անունն է Ռումէն այն մեծանուն փիլիսոփային, որուն հայ մը ըլլալը՝ նոր յայտնութիւն մըն է թէ՛ Ռումէն ժողովուրդին եւ թէ՛ մեզ՝ Հայերուս: [[Ռումինիա|Ռումանիոյ]] ԺԹ. Դարուն մեծագոյն դէմքերէն համարուող այս անձը— օրէնգէտ, հրապարագիր, ուսուցչապետ եւ փիլիսոփայ — հայ քահանայի մը զաւակն է:
Տող 9.
 
== Կենսագրութիւն ==
Գոնտա ծնած է [[15 Նոյեմբեր]] [[1845 թուական|1845]]ին. Պեսարապիոյ Քահուլ գիւղին մէջ, ուր ան կ՚անցնէ նաեւ իր պատանութիւնը: Վերջէն, իր ծնողները, նիւթական շատ համեստ միջոցներու տէր մարդիկ, իրենց զաւկին բարձր կրթութիւն մը տալու մտահոգութիւնով՝ կը փոխադրուին Թըրկուլ-Նէամց կոչուած գիւղաքաղաքը, ուր Վասիլ, դեռ ինը տարեկան, կը մտնէ նախակրթարան: Ան այս դպրոցը կը լրացնէ չորս տարիէն:
 
Յետոյ, հայրը զայն կը տանի Եաշ եւ կը դնէ Միհայէլէնի Ակադեմին, ուր երկու տարի վերջ՝ Վասիլ կը ծանօթանայ հռչակաւոր դերասան Լուփէսկուի հետ: Վասիլ կ՚ընդհատէ իր ուսումը եւ կը մտնէ անոր խումբին մէջ, իբր յուշարար: Երկու տարի կը շարունակէ այս գործը: Յետոյ, ձանձրացած, նորէն ափ կ՚առնէ գիտութեան դռները, եւ այս անգամ կը գտնէ Եաշի համալսարանը: Կ՚աւարտէ անոր դասընթացքը եւ կը գրէ իր շրջանաւարտի թէզիսը: Այս գրութեան մէջ է որ առաջին անգամ կը յայտնուի Գոնտայի հանճարը: Գոնտա իր այդ ուսումնասիրութիւնով կը յայտնէ շարք մը տեսակէտներ, որ յայտնած էր մեծանուն անգլիացին Հերբըրդ Սպէնսըր, որու գործերուն, սակայն, անծանօթ էր ան. որովհետեւ Սպէնսըր նոր էր տակաւին, եւ իր գործերը թարգմանուած չէին ֆրանսերէնի: