«Վարդավառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
No edit summary
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Վարդավառ}}
{{ԱՀ}}
== {{Արևելահայերեն|Վարդավառ ==}}
[[Պատկեր:Вардавар8.jpg|մինի|աջից|Վարդավառ Հայաստանի մէջ]]
Վարդավառը Յիսուսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է, որ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուան ընթացքին կը կատարուի։ Մեր եկեղեցւոյ հինգ մեծ տօներէն մէկն է։ Յիմնուած է Յիսուսի կեանքի ընթացքին պատահած դէպքի մը վրայ, երբ ԱՆ իր երեք աշակերտները՝ [[Պետրոսը]], [[Յակոբոս]]ը եւ [[Յովհաննէս]]ը առնելով, [[Թափօր լեռ]] բարձրացաւ, ու անոնց դիմաց պայծառակերպուեցաւ։ Իր դէմքը արեգակի նման փայլեցաւ, եւ զգեստները ձիւնի նման ճերմկցան։ Հոն երեւցան նաեւ Հին Կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան։ Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Յիսուսի փառաւորումին, որ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար։
 
Ս․Գրիդոր Լուսաւորիչ այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տոնին, մեր հեթանոս հայերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին։ Մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը։աւանդութիւնը։Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով,որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններուն մէջէն,տօնը փոխած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով,ինչ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի տօնախմբուիլ:
Ժողովուրդը Քրիստոնէական շրջանին ալ սիրելով այս տօնը,զայն նշանակած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հինգ տաղաւոր տօներէն մին,անգամ մը եւս շեշտելու համար անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը:
Վարդավառը տօնակատարութիւնը միշտ ալ Զատկուան տօնէն 98 օր ետք կը նշուի,որ ընդհանրապէս կ’ըլլայ 28 Յոէնիսէն 1 Օգոստոսի միջեւ:
Նախաքրիստոնէական շրջանին Վարդավառի տօնը կապուած էր հայկական դիցարանի ջուրի,սիրոյ,պտղաբերութեան ու գեղեզկութեան Աստուծոյ` Աստղիկին:Այդ օրերէն իսկ Վարդավառը կը տօնախմբուէր մեծ հանդէսներով.Մարդիկ Աստղիկ Աստուածուհիին կը նուիրէին վարդեր ու իրարու վրայ ջուր կը թափէին:Վարդավառը միաժամանակ եղած է ջուրի պաշտամունքի,պտղաբերութեան ու արգասովորութեան ուժերուն նուիրուած տօն:Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին,որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին:
Քրիստոնէական գետնի վրայ եւս անցեալին Վարդավառը տօնուած է աւելի մեծ տարողութեամբ:Մարդիկ Վարդավառի տօնին իրենց տուները կը զարդարէին կանաչ ոստերով,ծաղկեփունջեր կը նուիրէին իրարու,եկեղեցիին հասկեր կը նուիրէին,որպէս արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն:Անասնապահներ իրենց կենդանիները ծաղիկներով կը զարդարէին ու ժողովուրդը խնճոյքներ եւ ջրախաղեր կը կազմակերպէր:
Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով,որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:
 
 
== Տոնակատարութիւն ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վարդավառ» էջէն