«Վարդավառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 4.
'''Վարդավառը''' Յիսուսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է, որ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուան ընթացքին կը կատարուի։
== Ի՞նչ կը նշանակէ Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութիւն ==
ՄերՀայաստանեայց եկեղեցւոյԱռաքելական Եկեղեցւոյ հինգ մեծ տօներէն մէկն է։ Հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի կեանքի ընթացքին պատահած դէպքի մը վրայ, երբ Ան իր երեք աշակերտները՝ [[Պետրոսը]], [[Յակոբոս]]ը եւ [[Յովհաննէս]]ը առնելով, [[Թափօր լեռ]] բարձրացաւ, ու անոնց դիմաց պայծառակերպեցաւ։ Իր դէմքը արեգակի նման փայլեցաւ, եւ զգեստները ձիւնի նման ճերմկեցան։
{{քաղվածք|Դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակ եւ անոր զգեստները ճերմկեցան ինչպէս լոյսը|Մտթ. 17.2, հմմտ. Մրկ. 9.2, հմմտ. Ղուկ. 9.29}}
Հոն երեւցան նաեւ Հին Կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան։ Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Յիսուսի փառաւորումին, որ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք, որ Ան դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար։
Տող 13.
Հանգստացնելով ու ոտքի կեցնելով գետնամած առաքեալները` Յիսուս անոնց կը պատուիրէ ոչ մէկուն յայտնել իրենց տեսածին ու լսածին մասին`մինչեւ Աստուծոյ Որդիին փառաւորուիլը:<ref>{{Cite web|url=http://www.qahana.am/am/holidays/2017-07-23/1|title=Տօներ {{!}} Qahana.am|last=Qahana.am|first=Արարատեան Հայրապետական Թեմ {{!}}|website=www.qahana.am|accessdate=}}</ref>
=== Վարդավառի տօնը պատմութեան ընթացքին ===
Պայծառակերպութեան տօնը մեր նախնիները կոչած են Վարդավառի տօն, որու արմատները ժողովուրդը կը կապէ ջրհեղեղէն ետք ծիածանով մարդ -Աստուած հաշտութեան հետ,հետ։ այդԱյդ ջուրը իրարու վրայ նետելով՝ կարծես մարդիկ իրարու կը յիշեցնեն ջրհեղեղը, նաեւ կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ եղաւ ջրհեղեղը։ Այսինքն, սթափեցման սովորութիւն մըն է եւ մաքրագործուելու իմաստ ունի»։<ref>[http://www.1in.am/28394.html Վարդավառ. Պատմութիւն եւ խորհուրդ]</ref>
[[Գրիգոր Լուսաւորիչ|Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ]] այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայրերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տօնին, մեր հեթանոս հայրերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին։ Մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը։ Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններէն, տօնը փոխարինուած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով, ինչ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի տօնախմբուիլ:
 
Ժողովուրդը Քրիստոնէական շրջանին ալ սիրելով այս տօնը, զայն նշանակած է [[Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի |Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ]] Հինգ տաղաւար տօներէն մին, անգամ մը եւս շեշտելու համար անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վարդավառ» էջէն