«Դանիէլ Վարուժան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ մաքրվեց, փոխարինվեց: ։ → : (47) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 2.
{{Արևելահայերեն|Դանիել Վարուժան}}
[[Պատկեր:Varuzhan.jpg|250px|աջից]]
'''Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքքարեան)''' ([[20 Ապրիլ]] [[1884]], [[Բրգնիկ]] - [[26 Օգոստոս]] [[1915]]), 20-րդ դարու արեւմտահայ բանաստեղծ։բանաստեղծ: Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը եղաւ գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի տարերքը։տարերքը:

Վարուժանի կեանքը թէպետ ընդհատուեցաւ երիտասարդ հասակին, բայց ան ստեղծեց հասարակական մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու բանաստեղծութիւններ։բանաստեղծութիւններ: Ան հոգեկան մերձեցումներ ունեցաւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծ դէմքերու հետ, պահպանելով, սակայն, իր ստեղծագործութեան ազգային ոճն ու դրոշմը։դրոշմը: Այս իրողութիւնը խոստովանած է նաեւ ինքը։ինքը: Խօսելով նաեւ վերածնունդի շրջանի [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|իտալական]] եւ ֆլամանական արուեստէն կրած ազդեցութեան մասին, Վարուժան միաժամանակ յատկապէս կ՛ընդգծէ, որ իր վրձինը թաթխած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիր»ի եւ «ծովածուփ արեան» մէջ։մէջ:

==Կենսագրութիւն==
Դանիէլ Վարուժան ծնած է [[1884]] թուականին, Արեւմտեան Հայաստանի [[Սեբաստիա (արեւմտահայերէն)|Սեբաստիա]] նահանգի Բրգնիկ գիւղը։գիւղը: Ան հասակ առած է գեղեցիկ բնութեան մը մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներուն թախծող ուռիներու օրօրին տակ։տակ: Գիշերները մայրը անոր պատմած է պանդխտութեան մէջ գտնուող իր հօր մասին եւ անոր երեւակայութիւնը բորբոքած է թուրք ենիչերիներու մասին ըրած պատմութիւններով։պատմութիւններով: Բնութենէն ստացած երազային տպաւորութիւններուն խառնուած են նաեւ կեանքի վիշտերը։վիշտերը:

Վարուժան գրաճանաչ դարձած է գիւղի վարժարանին մէջ, իսկ [[1896]] թուականէն ուսումը շարունակած [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ սկիզբը Սագըզ Աղաճի, ապա [[Քաղկեդոն]]ի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։մէջ:

Պոլիս ծանր տպաւորութիւն կը ձգէ Վարուժանի վրայ։վրայ: Ան կը տեսնէ Սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդի հետքերը։հետքերը: Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ բանաստեղծին հայրը, որուն հարազատները երկար ժամանակ կը փնտռեն եւ վերջապէս զայն կը գտնեն բանտին մէջ՝ շղթայուած։շղթայուած: Տարիներ ետք, «Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորին մէջ, Վարուժանը կը յիշէ՝

«Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,

Մութ զընտանիդ մէջ այցի,

Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ

Մէջտեղը բանտի եւ մահճի։մահճի:»

Բանտարկեալ հօրը ան կը պատմէ իրենց ապրած ծանր կեանքին մասին, մեծ մայրը մահացած է, մայրը՝ հիւանդ է եւ խուլ, կը հազայ, չորցած են պարտէզի վարդենիները, աւերուած է հայրական օճախը։օճախը:

Հայրը ձեւով մը կ՛ազատի բանտէն եւ կ՛աշխատի Պոլսոյ իջեւանատուներէն մէկուն մէջ։մէջ: Դպրոցական արձակուրդները պատանին կ՛անցնէ հօր մօտ եւ ականատես կը դառնայ պանդուխտներու տառապալի կեանքին․ «Արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խավեար Խանը, հայ պանդուխտներու հառաչանքներուն եւ վէրքերու տրոփիւնին ունկնդիր», - գրած է բանաստեղծը։բանաստեղծը:

[[1902]] թուականին Վարուժանը կը տեղափոխուի [[Վենետիկ (արեւմտահայերէն)|Վենետիկ]]ի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։վարժարանը: Բանաստեղծին վրայ խորապէս կ՛ազդեն Վերածնունդի շրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց առողջ եւ հիւթեղ իրապաշտութեամբ։իրապաշտութեամբ: Ան յափշտակութեամբ կը կարդայ նշանաւոր գրողներու երկերը, յատկապէս կը տարուի ռուս հանճարեղ գրող Լեւ Տոլստոյի եւ [[ֆրանսա]]ցի մեծ մտածող Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարներով։գաղափարներով:

Վարուժանն առանձին սիրով կ՛ուսումնասիրէ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը։գրականութիւնը: Վենետիկի մէջ ան կը գրէ առաջին բանաստեղծութիւնները՝ պանդուխտներու կեանքի եւ [[1896]] թ. ջարդերու պատկերներով։պատկերներով:

[[1905]] թուականին բանաստեղծը կը մեկնի [[Պելճիքա]] եւ կ՛ընդունուի Կանտի համալսարանը։համալսարանը: Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան անոր կազմաւորման մէջ. ան կը հետեւի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու, կ՛ուսումնասիրէ գրականութիւնը եւ ընկերային ուսմունքներ։ուսմունքներ: Անոր դիմաքանդակը զետեղուած է համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին մէջ, (Ghent University Library) Rozier 9, B-9000 Ghent ։: Դիմաքանդակին վրայ նշուած են իր հետեւեալ խօսքերը ։:

«ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,

երբոր երազը կ՛ապրի,

երբոր երազն անմահ է։է:»

Վարուժանի գեղագիտական հայեացքներուն ձեւաւորման կը նպաստէ նաեւ պելճիքացիներու բարձր մշակոյթը. ան խորազնին կ՛ուսումնասիրէ 17 - 18-րդ դարերու [[Իրապաշտ ուղղութիւն|իրապաշտ]] [[նկարչութիւն]]ը եւ կը տարուի 20-րդ դարու հռչակաւոր բանաստեղծ էմիլ Վերհառնի բանաստեղծութիւններով։բանաստեղծութիւններով:

Ստանալով բարձրագոյն կրթութիւն, բանաստեղծը [[1909]]-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ծննդավայրը: Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ, ապա [[1911]]-ին կը տեղափոխուի Եւդոկիոյ (Թոքաթ) ազգային ճեմարան։ճեմարան: [[1912]]-ին Վարուժանը կը հրաւիրուի Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը՝ տեսուչի պաշտօնով։պաշտօնով:

Այս տարիներուն Վարուժանի բանաստեղծութիւնները լայն ճանաչումի կ՛արժանանան։կ՛արժանանան: Ան կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին։ոգին: Տասը տարուան ընթացքին մէջ, բանաստեղծը կը գրէ չորս գիրք՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ «Հացին երգը»։: Ան կը գրէ նաեւ նոթեր, յօդուածներ եւ կը կատարէ թարգմանութիւններ։թարգմանութիւններ:

[[1915]] թուականն էր եւ Վարուժանը կը շարունակէր լրացնել գիւղի չքնաղ երգերու՝ «Հացին Երգը» շարքը, կը պատրաստուէր գրել «Հայկական Հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պէտք է տեղաւորէր հին հայկական [[Առասպել (արեւմտահայերէն)|առասպել]]ներու ու աւանդութիւններու մշակումները, կ՛երազէր ամբողջովին մշակել «Սասնայ Ծռեր» ժողովրդական էպոսը։էպոսը: Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին Երգը» քերթողական հատորը։հատորը:

[[1914]]-ին կը դառնայ «Մեհեան» գրական ամսաթերթին հինգ հիմնադիրներէն մէկը՝ [[Կոստան Զարեան]]ի, Յակոբ Քիւֆէճեանի ([[Յակոբ Օշական|Օշական]]), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ։հետ: Մինչեւ [[Յուլիս]] լոյս տեսած թերթի գրական եւ մշակութային մտածողութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է՝ Կոստան Զարեանի հետ, մինչեւ իր բաժանումը։բաժանումը: Խմբագրած է նաեւ «Նաւասարդ» գրական պարբերականը։պարբերականը:

Բայց վրայ կը հասնի արիւնալի աղէտը։աղէտը: Արտերը կը ներկուէին արիւնով։արիւնով: Բանաստեղծի խօսքերով՝ կեանքը կը մորթուէր արտերուն մէջ, միտքը՝ գանկին մէջ։մէջ: Այս ողբերգական օրերու զոհերէն մէկը եղաւ նաեւ Վարուժան։Վարուժան: Թուրք մարդասպանները աքսորի ճանապարհին, Չանղըրի քաղաքի մօտ ձորի մը մէջ յօշոտեցին 31-ամեայ բանաստեղծը։բանաստեղծը:

==Գիրքեր==
Տող 60.
==Աղբիւրներ==
* Հայ գրականութեան դասագիրք 9-րդ դասարանի համար. «Լոյս» հրատարակչութիւն, [[Երեւան]], [[1978]]թ.
* Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Ա. հատոր, Պոսթըն 1970, էջ 574-577։577:

==Արտաքին յղումներ==