«Արուսեակ (մոլորակ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 7.
[[Պատկեր:Venus-real color.jpg|մինի|աջից|Արուսեակ (Վեներա)]]
 
Վեներան [[Երկիր (արեւմտահայերէն)]] երկնակամարին վրայ երեւցող մարմիններէն պայծառութեամբ երրորդն է [[Արեւ]]-էն եւ [[[[Լուսին (արեւմտահայերէն)]]]]էն ետք, անոր [[տեսանելի աստղային մեծութիւն]]ը կը հասնի −4,6 բաւարար պայծառ, որպէսզի ստուերներ ստեղծէ<ref>{{cite web|url=http://www.digitalsky.org.uk/venus/shadow-of-venus.html|title=Վեներայի ստուերը|last=Լոուրենս|first=Պիտի|year=2005|accessdate=13 Յունիս 2012}}</ref>։ Քանի որ Վեներան աւելի մօտ կը գտնուի Արեւին, քան Երկիրը, անիկա երկնակամարէն երբեք չի հեռանար Արեւէն աւելի քան 47,8(երկրի մակերեւոյթէն դիտողին համար)։ Իր առաւելագոյն լուսատուութիւնը կը հասնի արեւածագէն անմիջապէս առաջ կամ որոշ ժամանակ արեւամուտէն ետք, ուրկէ կը ծագին ''Առաւօտեան եւ Երեկոյեան աստղ'' անուանումները։
 
Վեներան կը դասակարգուի որպէս [[Երկրային խումբի մոլորակ]], եւ երբեմն զայն կ'անուանեն «Երկրի քոյր», քանի որ երկու մոլորակները իրարու նման են չափերով, ձգողութեան ուժով եւ կազմութեամբ։ Սակայն պայմանները այս երկու մոլորակներուն վրայ չափազանց տարբեր են։ Վեներայի մակերեւոյթը թաքնուած է չափազանց խիտ [[ծծմբաթթու]] [[ամպ]] երով, որոնք ունին բարձր արտացոլման գործակից, որ հնարաւորութիւն չի տար տեսնելու մակերևոյթը տեսանելի լուսապատկերէն (սակայն Վեներայի մթնոլորտը թափանցիկ է «ռատիօալիքներ»ու համար, որոնց միջոցով ալ կը հետազօտուի մոլորակին մակերեւոյթը)։