«Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ|Q183216}}
{{Արևելահայերեն|Վերլուծական փիլիսոփայություն}}
'''Վերլուծական փիլիսոփայութիւն'''. փիլիսոփայական հետազօտութիւններու ժամանակակից ուղղութիւն մը, որ փիլիսոփայութեան խնդիրը կը համարէ [[Լեզու (արեւմտահայերէն)|լեզուի]] վերլուծութիւնը, այսինքն` լեզուական արտայայտութիւններու իմաստի ճշգրիտ ըլլալը եւ լեզուական ձեւերու մէջ արտայայտուած մտածողութեան տրամաբանական կառուցուածքի հստակացումը: Վերլուծական փիլիսոփայութիւնը կը գտնէ, որ աւանդական [[Փիլիսոփայութիւն|փիլիսոփայութեան]] հարցերը, ճանաչողութեան ընթացքին ծագող իմացաբանական դժուարութիւնները եւ տրամաբանական հակասութիւնները (մասնաւորապէս տարաբանութիւնները (paradox)) լեզուի ոչ ճշգրտութեան եւ տրամաբանական կառուցուածքի անյստակութեան հետեւանք են: Գոյութիւն ունի վերլուծական փիլիսոփայութեան երկու տարատեսակութիւն: