«Վերջակէտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
No edit summary
Տող 5.
 
== Պատմութիւն ==
5-9-րդ դարերու հայերէն քերականական աշխատութիւններու եւ ձեռագրերու մէջ վերջակէտն արտայայտուած է մէկ քառակուսի կամ քառանկիւնի կէտով, ինչպէս այսօր միջակէտն է։ Սակայն գործածությանգործածութեան տեղով եւ մասամբ ձեւով տարբերուած է միջակէտէն։ Վերջակէտի իմաստով այն գրուած է տողէն վեր եւվերեւ, իսկ միջակէտի եւ ստորակէտի իմաստով՝ տողի վրայ։ Վերջակէտը դրուած է պարզ եւ բարդ նախադասութիւններու վերջը, եւ արտայայտած խօսքի աւարտը, վերջնական դադարը, կամ ըստ հին քերականներուքերականներու՝ «խորհուրդի» վախճանը»։
 
Տասներորդ դարէն հայերէն գրութիւններու մէջ գրիչներու մեծ մասը գործածած են կրկնակէտն (։) որպէս վերջակէտ։ Այս դարէն վերջակէտը կը դրուի տողի վրայ, իսկ որոշ ձեռագրերու մէջ կը յայտնուի որպէս քառանկիւնի գիծեր։ Կրկնակէտը վերջակէտի դերին մէջ նաեւ յայտնուած է վաղ շրջանի ռուսական ձեռագրերու մէջ տասնչորրորդ դարէն։
Տող 11.
Այժմեան երկու կէտով վերջակէտի գործածութիւնն աւելի կանոնաւոր, հաստատուն ու համատարած կը դառնայ ԺԱ-ԺԲ դարերէն սկսեալ, եւ կը շարունակուի մինչ այժմ։
 
Վերջակէտը կոչուած է նաեւ '''կէտ աւարտյալաւարտեալ'''։ Ոմն անանուն մեկնիչ եւ հետագային այլ քերականներ, այդ շարքին [[Վարդան Արևելցի|Վարդան Արեւելցի]]ն վերջակէտը կոչած են '''արքա''', իսկ [[Ստեփանոս Սյունեցի|Ստեփանոս Սիւնեցի]]ն ութերորդ դարին այն կը համարէ '''խոստումն''' կամ '''վախճան'''։ Ձեռագրի մը մէջ այն նաեւ համարուած է '''վճար եւ հանգիստ բանին'''։<ref name="հին">{{cite journal|title=Հին հայերենի կետադրությունը|author=Մխիթարյան, Հ.Մ.|number=4|journal=Պատմաբանասիրական հանդես|page=162-178|url=http://hpj.asj-oa.am/246/|year=1960}}</ref>
 
== Գործածութիւն ==
Վերջակէտը հայերէնի մէջ [[Տրոհութեան նշաններ|տրոհութեան նշան]] է. կը դրուի աւարտուած նախադասութիւններու վերջը, եւ կ’արտայայտէկ'արտայայտէ մեծ դադար։<ref>{{cite web|url=http://hayeren.hayastan.com/english/znaki.html|title=Հայոց Լեզվի Տրոհության նշանների ուղեցույց|accessdate=2011 թ․ հուլիսի 7}}</ref>
 
''Օրինակ՝''
* Արդէն գիշեր է: Իմ քնանալու ժամն է:
* Մեր պարտեզին մէջ արեւածաղիկ կ’աճիկ'աճի:
* Աշնան դեղին տերեւները ծառէն խոնաւ հողին վրայ կը թափին:
Վերջակէտն ամիջապէս կը յաջորդէ նախորդ բառին՝ առանց [[բացատ]]ի, իսկ վերջակէտէն յետոյ կը դրուի մէկ բացատ։ Վերջակէտին յաջորդող բառը (բացատէն յետոյ) կը սկսի [[Գլխագիր (արեւմտահայերէն)|գլխագիրով]]։
Տող 25.
Վերջակէտը համակարգչային [[Եունիքոտ]] ստանդարտին մէջ կը ներկայացուի U+0589 նիշով։
 
[[Ուինտոուզ]]ի լռելեայն հայերէնի դասաւորութեան խնդիրներէն մէկն է այն, որ վերջակէտն արտահայտող Եունիքոտի U+0589 նիշի փոխարեն գործածուած է անգլերէն երկուկէտն արտայայտող U+003A նիշը։ Թէեւ երկու նիշերն իրարու բաւականին նման են, սակայն քոտաւորման տեսակէտէն խնդիրներ կը յառաջացնեն, քանի որ հայերէն վերջակէտը կ’արտայայտէկ'արտայայտէ նախադասության աւարտն, իսկ անգլերէն երկուկետը՝ ոչ։
 
== Աղբիւրներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վերջակէտ» էջէն