«Վիպապաշտ արձակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Նախորդ գլուխը քննեձ առաջին սերունդի վիպապաշտական ուղղութիւնը բանաստեղծներուն պարագային : Նոյն...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:35, 15 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Նախորդ գլուխը քննեձ առաջին սերունդի վիպապաշտական ուղղութիւնը բանաստեղծներուն պարագային :

Նոյն ժամանակաշրջանի արձակը նուազ յստակ իմագիծով կը ներկայանայ: Այսպէս« 1850-1880 երեսնամեակի արձակագիրներէն քիչեր ուղղակի վիպապաշտ կրնանք նկատել։

Ոմանք այդ ուղղութեան մօտ են խառնուածքով, եւ ոչ այնքան՝ գործի առարկայական յատկանիշներով (Խաչատուր Աբովեան)։ Ուրիշներ՝ գաւառական որոշ պարզութեամբ, զգացականութեամբ - մինչ միւս կողմէ կը մնան կապուած հողին, իրականին (Խրիմեան Հայրիկ, Գարեգին Սրուանձտեանց, Պերճ Պռօշեան)։

Նոյնիսկ Րաֆֆիի կամ Ծերենցի նման վիպագիրներ,բացայայտօրէն վիպապաշտական ըմբռնումներու տէր, իրենց գործի մի քանի կորմերով կը հակին իրապաշտութեան։

Այդ տասնամեակներու արձակ սեռերն են՝ - վէպ (ի հարկէ՝ Րաֆֆի, Ծերենց. բայց կանխապէս՝Աբովեան. աւելի ուշ՝ Սրբուհի Տիւսաբ). - պատմուածք, պատումի այլ ձեւեր (Ղազարոս Աղայեան, Պերճ Պոոշեան, Սինաս Չերազ). - թաաերգութիւն (Պ. Դուրեան, Մ. Պէշիկ–թաշլեան, Թովմաս Թէրգեան).

- արձակի այլ տեսակներ - քրոնիկ, յուշագրութիւն, ուղեգրութիւն (Գր. Օտեան, Մատթէոս Մամարեան, Եղիա, Խրիմեան, Գ. Սըրաանձտեանց, Խ. Աբովեան, Ղ. Աղայեան...)։

Գալով այս գրագէտներու մշակած ընդհանրական թեմաներուն, անոնք մասով մը անձնական-քնարական են, բայց աւելի յաճախ՝ ունին շեշտուած հայրենական-գաւառական բովանդակութիւն։ Երբեմն անոնք ուղղակի հայրենասիրական են, գաղափարագրական ուժեղ փցքով - հասնելով մինչեւ քարոզչականի։